Դժուար է արժեւորել քառամեայ կեանք ու գործունէութիւն ունեցող հաստատութիւն մը, կազմակերպութիւն մը, վարժարան մը, որովհետեւ տակաւին տարիներու վաստակ չէ կապուած անոր անուան: Բայց եւ այնպէս հիմնական է հաւատքով մօտենալ անոր, որպէսզի անիկա վաստակ կերտէ, իր դերակատարութիւնը ամրապնդէ եւ ներդրումը ունենայ գաղութային կեանքին մէջ:
Ազգային միացեալ վարժարանը մեծ երազի մը, կրթական մեծ տեսիլքի մը մարմնացումն է, անոր երդիքին տակ կը համախմբուին մեր նոր սերունդները, որոնք այս վարժարանին մէջ կը սորվին երազել եւ քաջութիւն ձեռք բերել` այդ երազը իրականացնելու: Վարժարանը իր առաքելութեան ճամբուն վրայ կ՛ընթանայ հաստատ քայլերով` հաւատալով, որ իր յարկին տակ համախմբուած աշակերտները արժանի են թէ՛ լաւագոյն ուսման եւ թէ՛ յարմարաւէտ պայմաններու: Սակայն երբեմն մշակուած ծրագիրները, անկախ պատասխանատուներուն կամքէն, կը բախին զանազան խոչընդոտներու, յատկապէս` Լիբանանի նման երկրի մը մէջ:
Արդարեւ, հակառակ նախորդ տարի ընդհանրապէս աշխարհին, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմաններուն, վարժարանը դիմացաւ, հակառակ ստեղծուած արտասովոր կացութեան` վարժարանը վճռականօրէն շարունակեց իր գործունէութիւնը: 2020-2021 տարեշրջանը ամէն իմաստով եղաւ իւրայատուկ եւ եզակի` կրթական, առողջապահական, նիւթական եւ շինարարական: Տակաւին 2019-2020 տարեշրջանի վատ պայմաններուն եւ անբնական աւարտին պատճառած ազդեցութենէն դուրս չեկած` վրայ հասաւ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը, որուն աւերիչ ալիքէն անմասն չմնաց Ազգային միացեալ վարժարանը: Անհաւատալի էր տեսնել վարժարանի բոլոր դասարաններու պատուհանները, համակարգիչները, տնօրէնութեան յարկին վրայ գտնուող գրեթէ բոլոր գրասենեակները, ժողովասրահները, «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահի հսկայ բեմի տարբեր մասերը, վարժարանի գրադարանն ու մանկապարտէզի տարբեր դասարաններու դռներն ու պատուհանները տեղահան եղած կամ փուլ եկած: Պայթումէն քանի մը օրեր ետք վարժարանի պաշտօնէութեան եւ ուսուցչական կազմէն կամաւորներ, ինչպէս նաեւ երկրորդական կարգերու խումբ մը աշակերտներ հասան վարժարան` իրենց մասնակցութիւնը բերելու մաքրութեան նախնական աշխատանքներուն:
Վարժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը անմիջապէս լծուեցան ժրաջան աշխատանքի, ու շնորհիւ անոնց ջանքերուն եւ մանաւանդ Ազգային առաջնորդարանի նեցուկին ու օժանդակութեան`կարելի եղաւ նորոգութիւններու առաջին ու կարեւորագոյն փուլը հասցնել իր աւարտին: Վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի ճիգերով IOCC կազմակերպութիւնը շարունակեց նորոգութիւններու երկրորդ փուլը:
Կրթական գետնի վրայ, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին լայն քննարկումներով ու հեռատես որոշումով կրթական տարեշրջանը սկսանք առցանց դասաւանդութեամբ:
Համակարգիչներու, ելեկտրական սարքերու եւ համացանցի ետին, ուսուցչական կազմին կողմէ տարուած ծով աշխատանքին ու զոհողութիւններուն շնորհիւ մեր աշակերտութիւնը զրկուած չմնաց կրթութիւն ստանալու իր սրբազան իրաւունքէն եւ շարունակեց իր գիտելիքները ամբարել` համապատասխան Լիբանանի կրթական պետական ծրագիրին:
2020 թուականը անվերադարձ ճամբելու, ինչպէս նաեւ ուրախութեամբ եւ կեանքի լաւագոյն յոյսերով 2021 թուականը դիմաւորելու համար մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները համախմբուեցան վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ: Յարգելով առողջապահական նախազգուշացման անհրաժեշտ բոլոր միջոցները` անոնք իրենց դաստիարակներուն հետ երգեցին, պարեցին, ապա Կաղանդ պապան դիմաւորեցին ու ստանալով իրենց նուէրները, որոնք տրամադրուած էին բարերարներու կողմէ, ուրախ եւ ժպտադէմ վերադարձան իրենց տուները:
Առցանց դասանդութեան արդիւնքները լաւապէս եւ արդարօրէն արժեւորելու նպատակով, ազգային վարժարաններու տնօրէնութիւններու առաջարկով ու Ուսումնական խորհուրդին վաւերացումով, իւրաքանչիւր եռամիսի կիսուն ու ապա աւարտին միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգերու աշակերտները դպրոց ներկայացան եւ կատարեցին իրենց գրաւոր ստուգումներն ու քննութիւնները:
«Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրավիճակը չէր կրնար արգելք հանդիսանալ հայ աշակերտին` ապրիլ 24-ի նախօրեակին իր յարգանքը մատուցելու 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Վարժարանի բոլոր բաժանմունքներուն` մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի դասարանները դպրոց ներկայացան` ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան 106-ամեակը` բնականաբար տնօրէնութեան կողմէ ճշդուած ժամանակացոյցով մը եւ որդեգրելով «Քորոնա» ժահր»-էն նախազգուշացման բոլոր միջոցները:
Ճշդուած օրերուն բոլոր աշակերտներն ալ անխտիր դպրոց ներկայացան ճերմակ կամ սեւ շապիկներով, ճերմակ քթակապերով, որոնց վրայ իրենց ձեռքերով պատկերած էին 106 թուանշանը եւ եռագոյնը: Վարժարանի բակին մէջ տեղադրուած էին Ծիծեռնակաբերդի կոթողը, եռագոյն դրօշակը, հայկական խորհրդանիշներ Ցեղասպանութենէն պատկերներ:
Կրթական աշխատանքներուն զուգահեռ, տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմն ու պաշտօնէութիւնը ճիգ չխնայեցին հասնելու համար մեր աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն:
Արդարեւ, երկար բանակցութիւններէ ետք տնօրէնութիւնը սկսաւ գործակցիլ Anera կազմակերպութեան հետ, որ մեր բոլոր աշակերտներուն տրամադրեց վերմակներ, անձեռոցներ, հականեխիչ հեղուկներ եւ ապա 308 ընտանիքներու նուիրելով ելեկտրական սարքեր` tabletներ, հասանելի դարձուց առցանց դասաւանդութիւնը: Նշենք այստեղ նաեւ, որ այս կազմակերպութիւնը վարժարանիս նուիրեց 25 համակարգիչներ` օժտուած կրթական յատուկ ծրագիրներով որոնց գործածութեան համար մեր ուսուցիչները հետեւեցան յատուկ դասընթացքի:
Աւելցնենք, որ այս կազմակերպութիւնը նաեւ վարժարանս օժտեց 7 Imac, 25 սովորական desktop համակարգիչներով եւ 2 մանկավարժական սարքերով:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, իր կարգին, նուիրելով 45 սարքեր եւ 5 համակարգիչներ, յաւելեալ օժանդակութիւն բերաւ իրականութիւն դարձնելու առցանց դասաւանդութեան հետեւիլը: Այսպիսով յաջողեցանք վարժարանին բոլոր կարիքաւոր ընտանիքներուն ապահովել առցանց դասաւանդութեան համապատասխան պահանջները:
Նաւահանգիստի պայթումին գործած վնասները ամբողջապէս վերադարմանելու նպատակով տնօրէնութիւնը դիմեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին, որ անմիջապէս լծուեցաւ ամիսներու վրայ երկարող ծրագրաւորումի աշխատանքի, որ պիտի անցնի գործնական փուլ տարեշրջանի աւարտին, որպէսզի յառաջիկայ տարեշրջանը դիմաւորենք նախքան 4 օգոստոսի պայթումին վարժարանիս ունեցած արդիական վիճակով:
Հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ու առողջապահական վատ պայմաններուն` վարժարանին տնօրէնութիւնը երկու տարեշրջաններու ընթացքին կազմակերպեց մանկապարտէզի Ծաղիկ եւ աւարտական դասարաններու հանդէսներ: Իսկապէս, ամփոփ, պատշաճ եւ համապարփակ հանդէսներով վարժարանիս մանկապարտէզի եւ աւարտականի աշակերտները չզրկուեցան վկայական ստանալու իրենց իրաւունքէն:
Յունիս 2021-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ Ազգային վարչութեան պատասխանատուներուն ներկայութեան, Ազգային միացեալ վարժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին վարժարանի բարերարներէն Պերճ Կիւրեղեանը, որպէսզի բացումը կատարուի երկու դասարաններու հովանաւորութեան առիթով, վարժարանի գլխաւոր մուտքին ու դասարաններու միջանցքին մէջ զետեղուած զոյգ մը դասարաններու հովանաւորութիւնը արձանագրող երկու ցուցանակներու:
Արդարեւ, հայ դպրոցին զօրակցելու պատրաստակամութեամբ, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ դասարան մը հովանաւորեցին սիտնիաբնակ Քորթեան ընտանիքներ` ի յիշատակ Վահան Մաթոսեանի եւ անոր կողակիցին` Սառա Քորթեան-Մաթոսեանի եւ Յակոբ ու Մաքրուհի Քորթեաններու: Նաեւ դասարան մը հովանաւորեց Պերճ Կիւրեղեան` ի յիշատակ իր ծնողաց` Վահէ եւ Հերմինէ Կիւրեղեաններու:
Իրօք, այս տարեշրջանը եղաւ տարբեր: Անգամ մը եւս մենք մեզ գտանք քննութեան մը դիմաց, որմէ յաջողութեամբ դուրս գալը հրամայական էր, եւ այլընտրանք գոյութիւն չունէր:
Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, շնորհիւ վարժարանի խնամակալութեան ցուցաբերած աջակցութեան ու քաջալերանքին, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի հայրական առաջնորդութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի թելադրանքներուն, տէրը դարձան ստեղծուած իրավիճակին ու յաջողեցան մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական կարգերու բոլոր աշակերտները պահել կրթական առողջ մթնոլորտի մէջ:
Եթէ երբեք մեր պատմահայրը` Խորենացի, ականատես ըլլար 21-րդ դարու սփիւռքեան եւ լիբանանեան խիստ պայմաններուն մէջ հայ դպրոցներու կատարած հսկայական աշխատանքին, վստահաբար այս բոլորը իբրեւ քաջագործութիւն պիտի արձանագրէր պատմութեան էջերուն: