4 օգոստոս 2020-ին տեղի ունեցած Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին պատճառով Ազգային միացեալ վարժարանը եւս կրեց ծանր վնասներ:
Վարժարանիս բոլոր յարկերուն դասարանները, անոնց պատուհանները, սրահներն ու տնօրէնութեան գրասենեակները անմասն չմնացին քանդումէն եւ իրենց կարգին վնասուեցան:
Սակայն, շնորհիւ Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի ճիգերուն եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի հայրական հոգատարութեան, կատարուեցան նախնական նորոգութիւններու աշխատանքները, որոնք ընդարձակուեցան վարժարանիս խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան ջանքերուն շնորհիւ եւ International Orthodox Christian Charity կազմակերպութեան արհեստավարժ եւ բծախնդիր աշխատանքներուն:
Այս նորոգութիւններուն ներկայ փուլին, չորեքշաբթի, 25 նոյեմբերին, վարժարան այցելեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ խնամակալութեան ատենապետ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, որոնք հսկեցին կատարուած աշխատանքներուն:
Մեր խորին շնորհակալութիւնները եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր ազգայիններուն, որոնք միշտ հայ դպրոցին ու ազգային վարժարանին կողքին են: