1 օգոստոս 2016-ին, Առնօ Պապաճանեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական կրթական 7-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութիւնը` կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ մասնակցութեամբ 19 երկիրներէ հայկական կրթական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու շուրջ 100 ներկայացուցիչներու` տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ կրթական մարզի մասնագէտներու:
Այս առիթով կարդացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը, եւ ողջոյնի խօսքեր փոխանցեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Յարութիւնեան, սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Վարդան եպս. Նաւասարդեան: Ապա Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ուղերձը:
2-5 օգոստոսին խորհրդաժողովը շարունակուեցաւ Աղուերանի մէջ, ուր մասնակիցները քննեցին սփիւռքի կրթական մարզին մէջ առկայ հիմնախնդիրները, իրագործուող ծրագիրներու բարելաւման ուղիները եւ սփիւռքի մէջ ազգային, կրթական-դաստիարակչական գործին աջակցելու միացեալ ճիգերը: Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ ուսումնական աւանդական խնդիրներուն` դասագիրքերու բովանդակութեան, բազմազանութեան, ուսուցչական կազմերու որակին, Հայաստանի կողմէ ուսումնական-մեթոտական աջակցութեան եւ արտասահմանեան համալսարաններու հայագիտական ամպիոններու գործունէութեան հետ կապուած խնդիրներուն:
Խորհրդաժողովին մասնակիցները նաեւ ծանօթացան Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի տարբեր շրջաններու կրթական կառոյցներու իրավիճակին եւ գործունէութիւններուն: Աւարտին, խորհրդաժողովի մասնակիցներուն կողմէ ընդունուեցաւ ժողովին տրամադրութիւնները եւ հարցերն ու առաջարկները ներկայացնող բանաձեւ մը:
Նշեալ խորհրդաժողովին Ազգային առաջնորդարանին կողմէ նաեւ մասնակցեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի նոր նշանակուած տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան: