Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարան. «Կոմիտասի Եւ Թումանեանի Հետ» Խորագրեալ Նախակրթարանի Եւ Միջնակարգի Ամավերջի Հանդէս

Ժողովուրդ մը հանճարներ կը ծնի եւ այդ հանճարներով կ՛անմահանայ: Հայ ժողովուրդի պարագային, հանճարներու ներկայութիւնը կրկնակի իմաստ ունի սփիւռքի ափերուն սփռուած հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ անոնք սերունդներու ներշնչարան կը հանդիսանան եւ գոյատեւելու կամք կը փոխանցեն: Ահա այդ հանճարներու հոյլին մէջ առանձնակի տեղ ունին Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան եւ ժամանակակից հայկական դասական երաժշտութեան հիմնադիր անմահանուն Կոմիտաս վարդապետ, որոնց ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած եզակի յայտագիրով Ազգային Միացեալ վարժարանը պանծացուց այս երկու տիտաններուն վաստակը:

Երեքշաբթի, 25 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահը կը յորդէր հրաւիրեալներով եւ ծնողներով, որոնք եկած էին դիտելու եւ ունկնդրելու վարժարանիս նախակրթարանի եւ միջնակարգի ամավերջի հանդէսը: Հանդէսը կը հովանաւորէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, զոր ներկայացուց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի քայլերգներով ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Կոմիտասի մասին ներկայացումով հանդէս եկան երրորդ եւ իններորդ դասարաններու աշակերտները: Ապա նախակրթարանի եւ միջնակարգի երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտասի «Մանուկներու հայր մեր»-ը, «Լուսնակը հոս», «Ելայ տանիս» երգերը: Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» քերթուածը ներկայացուցին եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու աշակերտները: Դարձեալ նախակրթարանի եւ միջնակարգի երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտասի «Վարդ ա  եարս», «Առնեմ, էրթամ իմ եարը», «Ալագեազ», «Խնկի ծառ» երգերը: Այնուհետեւ Յովհաննէս Թումանեանի մասին ներկայացում կատարեցին երրորդ եւ իններորդ դասարաններու աշակերտները: Հինգերորդ դասարանի աշակերտները Յովհաննէս Թումանեանի «Անխելք մարդը» կենդանի պատկերի ճամբով հանդիսատեսները հաղորդ դարձուցին Թումանեանի գրական վաստակին: Վեցերորդ դասարանի աշակերտները ասմունքեցին «Հին օրհնութիւն» քերթուածը, իսկ հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտները ասմունքեցին «Մեր ուխտը»: «Աղթամար» պարով հանդէս եկան հինգերորդ դասարանի հեզաճկուն աղջիկները, որուն յաջորդեց Յովհաննէս Թումանեանի «Աղաւնիներու վանքը» կենդանի պատկերը` կատարողութեամբ վեցերորդ դասարանի: Գեղարուեստական բաժինի վերջին մասով վարժարանի նախակրթարանի երգչախումբը ներկայացուց «Հայ եմ», «Ապրիլ խաղաղ», «Երազ իմ երկիր», «Երեւան-Էրէբունի» խմբերգները:

Յայտագիրի աւարտին վարժարանի տնօրէն խորհուրդին անունով խօսք առաւ Գրիգոր Էքմեքճեան: Ան նշեց, որ այս տարեշրջանին, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, կարելի եղաւ կազմել վարժարանին երգչախումբը: Ան ըսաւ, որ եթէ պիտի անուանենք այս երգչախումբը, չենք կրնար այլընտրանք գտնել` բացի մեր հսկաներէն հայ մեծ երաժիշտէն` Կոմիտաս վարդապետէն: Բնականաբար Կոմիտաս վարդապետին անունը կրելը կը նշանակէ կրկնակի պատասխանատուութիւն` աւելի բարձր պահելու երգչախումբին վերելքը:

Ապա նախակրթարանի եւ միջնակարգի պատուոյ ցանկ հանդիսացող աշակերտներու մրցանակաբաշխութիւն կատարուեցաւ` ձեռամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, տնօրէն խորհուրդի անդամներու` Նելլի Վեքիլեանի եւ Գրիգոր Էքմէքճեանի եւ նախակրթարանի պատասխանատու Շաղիկ Յարութիւնեանի: Առաջին դասարանէն Ա. մրցանակ ստացաւ Նուշիկ Էլէյճեանը, Բ. մրցանակ` Ժոզեֆ Քեչեճեանը, Գ. մրցանակ` Լեւոն Շանթ Մուշլեանը, երկրորդ դասարանէն Ա. մրցանակ ստացաւ Աղասի Փափազեանը, Բ. մրցանակ` Հրակ Պալեանը, Գ. մրցանակ` Յակոբ Վալոյեանը, երրորդ դասարանէն Ա. մրցանակ ստացաւ Արազ Տուտագլեանը, Բ. մրցանակ` Բեկոր Եագուպեանը, Գ. մրցանակ` Սթեֆանի Գասեմճեանը, չորրորդ դասարանէն Ա. մրցանակ ստացաւ Միրաք Դաւիթեանը, Բ. մրցանակ` Փաթիլ Փափազեանը, Գ. մրցանակ` Գէորգ Երանոսեանը, հինգերորդ դասարանէն Ա. մրցանակ ստացաւ Նազօ Պետիկեանը, Բ. մրցանակ` Վանայ Աւետիսեանը, Գ. մրցանակ` Մեղեդի Խաչատուրեանը, վեցերորդ դասարանէն Ա. մրցանակ ստացաւ Քրիսթինա Պապուկեանը, Բ. մրցանակ` Սօսէ Խաչատուրեանը, Գ. մրցանակ` Կապրիելլա Սապպաղը, եօթներորդ դասարանէն Ա. մրցանակ ստացաւ Լէոնարտօ Խայեաթը, Բ. մրցանակ` Ատիս Այվազեանը, ութերորդ դասարանէն Ա. մրցանակ ստացաւ Լոռի Կերկէրեանը, իններորդ դասարանէն Ա. մրցանակ ստացաւ Սիլվի Թաթոյեանը, Բ. մրցանակ` Աւետիս Խշուաճեանը, Գ. մրցանակ` Հուրի Օհանեանը: Ապա նախակրթարանի Ա., Բ. եւ Գ. կարգերու տիպար աշակերտի մրցանակ ստացաւ Նուշիկ Էլէյճեան, Դ., Ե. եւ Զ. կարգերու տիպար աշակերտի մրցանակ ստացաւ Նազօ Պետիկեան, իսկ միջնակարգի Է., Ը. Եւ Թ. կարգերու տիպար աշակերտ հանդիսացաւ Լոռի Կերկերեան:

Հուսկ, փակման եւ օրհնութեան խօսք ներկայացուց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանըը: Ան նշեց, որ հանդէսի ընթացքին աշակերտներուն բերնէն լսուեցաւ.  «Պատի՛ւ մեզի, որ հայ ենք» նախադասութիւնը: Ան մատնանշելով ներկաները` ըսաւ. «Պատի՛ւ մեզի, որ այսպիսի ազգային շնորհներով լեցուած աշակերտներու պատասխանատուներ եւ ծնողներ ենք»: Ան ակնարկեց հանդէսին թեմային եւ յայտնեց, որ երկար ատեն չէինք լսած պատանիներու բերնէն Կոմիտասը: «Այս հանդէսի ընթացքին աշակերտները արժեւորեցին, անմահացուցին եւ հերոսացուցին Կոմիտասն ու Թումանեանը: Անոնք մեզի պատգամ յղեցին“ ապրելու, շնչելու եւ հպարտանալու մեր երգահաններով ու բանաստեղծներով»:

Հայր սուրբը գնահատեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին հայկական եւ, այս պարագային, Ազգային Միացեալ վարժարանին: Ան շեշտեց, որ` «Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ ոչ միայն կը սորվինք, այլ նաեւ կ՛ապրինք մեր մշակոյթը, կը շնչենք հայութիւնը, կը կերտենք մեր նկարագիրը: Այսօր մենք հպարտ ենք մեր Թումանեանով ու Կոմիտասով: Մենք սրբութիւններ ունինք, որոնցմէ հեռացած ենք, պէտք է ուշքի գանք: Այս սերունդը նոյն այդ սերունդէն էր, որմէ ծնան Կոմիտասը եւ Թումանեանը: Մենք նոր սերունդին մէջ պիտի տեսնենք Կոմիտասը եւ Թումանեանը»:  Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն` աշակերտներուն հանդէսի ճամբով տրուած պատգամը տարածել: Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան գնահատեց Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէն խորհուրդը, որ ներկայացուց հայաշունչ «կարկանդակ» մը: Ապա լուսարձակի տակ առաւ ուսուցիչներուն դերը, որոնք միայն դաս չեն տար, այլ միտք կը լուսաւորեն: Ինչպէս նաեւ գնահատեց Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին աշխատանքը, որուն առաջին մտահոգութիւնը հայ աշակերտն է: Իր խօսքի աւարտին հայր սուրբը գնահատեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները վստահած են  Ազգային Միացեալ վարժարանին, որովհետեւ ազգային վարժարանին առաքելութիւնը տարբեր է: