Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի 2018-2019 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը

Շաբաթ, 6 յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց  թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, քոլեճի բարեկամներու, բարերարներու, ծնողներու, գաղութի եւ գիւղի տարբեր միաւորներու, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու, Այնճարի քաղաքապետին, քահանայ հայրերու, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին ու հանդիսատեսներու հոծ բազմութեան, տեղի ունեցաւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին նուիրուած քոլեճի ամավերջի հանդէսը:

Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, նախակրթարանի ու քոլեճի շրջանաւարտները հանդիսաւոր կերպով բարձրացան բեմ ու գրաւեցին իրենց տեղերը:

Բացման խօսքը արտասանեց քոլեճի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ ողջունելէ ետք հանդիսականները, յայտնեց, որ հանդէսը Այնճարի 80-ամեակի մեծ խորհուրդով կը ներկայանայ գիւղին վերեւ ճախրող Մուսա Լերան արծիւին չանհետացող ուրուականով, որ նոյնինքն գիւղի պատմութեան դասն իսկ է: Տնօրէնը բացատրեց, որ գիւղը իր պատմութիւնը կերտած է հերոսամարտի եւ անոր խորանին հաւատարմութեան ուղիով, անապատի անտանելի նեղութիւնները խորտակելու քաջութեամբ եւ հողին հետ դաշնադիր մնալու վճռակամութեամբ: Իսկ աշխատանքի մարտնչումով, ինչպէս նաեւ մուսալեռցին տուն կանչող թմբուկով եւ յաղթանակած հայու հպարտութեամբ, գիւղը կազմած է իր անաղարտ դիմագիծը: Տնօրէնը մաղթեց, որ հանդէսը վերածուի նորահաս սերունդի պապենական կտակի փոխանցման խորհրդակատարութեան եւ գիւղի հաւաքական տեսլականը պահելու ուխտակրութեան ծէսի:

Հանդէսի գեղարուեստական ընթացակարգը առաջնորդեցին ԺԱ. կարգէն աշակերտներ` Նարօտ Գառնէշեանը, Վարագ Քէօշէեանը եւ Պարոյր Սթանպուլեանը` իբրեւ հաղորդավարներ:

Ա.-Գ. կարգերու երգչախումբը կատարեց «Մուսա Լերան գիւղերէն» եւ «Հալա հալա նինոյէ» երգերը, ապա նախակրթարանի Ե. Զ. պարախումբը ներկայացուց «Համբարձում» եւ «Կէրմէր ֆըսթան» պարերը:

 

Օրուան պատգամը ներկայացուց վարժարանի շրջանաւարտներէն Յակոբ Այնթապլեանը, որ խրախուսեց շրջանաւարտները Այնճարի ապագայի նկատմամբ` ունենալու համար այն խոր հաւատքը, այնպէս, ինչպէս իրերայաջորդ սերունդներու Հայաստանի անկախութեան երազանքը:

Յ. Այնթապլեանը թելադրեց շրջանաւարտներուն, թէ ո՛ւր ալ գտնուին իրենք, կապուած մնան ազգային գանձերուն, հայրենիքին, սփիւռքին, յատկապէս` իրենց գիւղին ու վարժարանին: Ան յոյս յայտնեց, որ կեանքի դաժան փոթորիկները արմատախիլ չընեն շրջանաւարտներուն մէջ այն անխախտ սկզբունքները, զորս ընձեռած է աշխարհագրական այս հայադրոշմ աշխարհը: 80-ամեայ Այնճարը հայելին է մուսա-լեռցիի աշխատանքին, հզօր կամքին, անխախտ հաւատքին եւ մանաւանդ ազգային ապրումներու վառ դրսեւորումին: Այնճարը համահայկական եզակի արժէք է. փոքրիկ Հայաստան, ուր  իւրաքանչիւր արարած կը կրէ հայու նկարագիր, ինչպէս մայր Հայաստանը կը կրէ իր կուրծքին տակ հայրենիքի սահմանապահ զինուորներուն սրտի զարկը:

Պատգամախօսը ընդգծեց նաեւ, որ շրջանաւարտները ըլլան յանձնառու նուիրեալներ` հողին ու գիւղին կառչած մնալով:

Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջանաւարտ ըլլալ` կը նշանակէ մուտք գործել այն վեհաշուք դարպասէն ներս, ուր` «Ձեր ամբարած գիտելիքներով, փորձառութեամբ եւ ուժերով այլեւս փաղանգն էք ձեր հարազատ գիւղին եւ, ընդհանրապէս, հայաշխարհի հզօրացման ու բարգաւաճման առաքելութեան»,  եզրափակեց ան:

Շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը Ա.-Բ. կարգերու «Թամզարա» պարային ելոյթով: Այնուհետեւ նախակրթարանի Դ.-Զ. երգչախումբը մատուցեց «Մուսա Լերան», «Քամին զանա» եւ «Նինօ» երգերը:

Մրցանակաբաշխումէն ետք Թ.-ԺԱ. պարախումբը ներկայացուց նազպար մը, որուն անմիջապէս յաջորդեց եարխուշտա ժողովրդական պարը:

Այնուհետեւ Զ. դասարանի շրջանաւարտները ասմունքեցին Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»-ը, որմէ ետք Գ.-Դ. պարախումբը ներկայացուց «Հայաստան» պարը:

Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինը ամփոփումն էր օրուան խորհուրդին, երբ Է.-Ը. պարախումբի անդամները հանդիսատեսներուն մէջէն բարձրացան բեմ եւ աւանդական թմբուկ-զուռնայի կշռոյթին տակ սկսան պարել, մինչ ԺԲ. կարգի աւարտականները ներկայացուցին Պօղոս Սնապեանէն քաղուած համադրութիւն մը: Պատկերը իր լրումին հասաւ, երբ փրկարար նաւը մուսալեռցիները հասցուց ապահով ծովափը:

Շրջանաւարտներու ուղերձներու ընթերցումը կատարեցին Գարօլ Քենտիրճեանը` հայերէնով, Մակի Քենտիրճեանը` արաբերէնով եւ Անժելիքա Սըգայեանը` անգլերէնով: Անոնք ուրախութեան ու յուզմունքի արտայայտութիւններով յայտնեցին իրենց երախտագիտութիւնը վարժարանին ու զիրենք շրջապատող իւրաքանչիւր անհատի նկատմամբ:

Այնուհետեւ պահը հասած էր վկայականներու բաշխումին: Տնօրէն Արմէն Թաշճեան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` յայտնեց. «Վկայականներու մէջ ամենաշատ յիշելիքն ու յիշեցնելիքը այն իրողութիւնն է, որ դուք անքակտելի մասն էք մեր ժողովուրդի շուրջպարին, ժառանգորդը անոր հաւաքական յիշատակարանին եւ ամուր պատուանդանը` անոր երազներուն»:

Տնօրէնը յուսադրեց, որ շրջանաւարտներուն տրուած վկայականները ըլլան յուշարարները Մուսա Լեռ-Այնճարի այն ճշմարտութեան, որ գիւղի պատմութիւնը հոմանիշ դարձուց համախումբ կեանքի ու կռիւի, պապենական հողին եւ երկինքին ժառանգուելու առաքինութեանց, ինչպէս նաեւ` ազգային արժանապատուութեան եզակի ապրումի:

Տնօրէնը բարի երթ մաղթելով շրջանաւարտներուն` բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ օրուան պատգամախօսը, որոնք տնօրէնին հետ կատարեցին վկայականներու բաշխումը:

 

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տուաւ իր պատգամը եւ արժեւորեց կրթական այն երախտարժան աշխատանքը, որ հայ կրթութեան նուիրուած մշակներ կը կատարեն անսակարկ կերպով ու անշահախնդրօրէն: Ան գնահատեց արձանագրուած յաջողութիւնը, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ գիւղին ու բոլոր հայրենակիցներուն: «Վարժարան մը, որ ոչ միայն խորհրդանշուեցաւ փետուրով, այլ նաեւ լիբանանեան մայրիով,- ըսաւ ան եւ աւելցուց: – Մենք հայ ժողովուրդի պատմութեան, անցեալին, ներկային ու ապագային զինուորներն ենք, Մուսա Լերան արմատով խորհրդանշուած` թմբուկի կշռոյթով եւ  շուրջպարի դոփիւնով մեզ մասնակից դարձուցիք մեր համահայկական թմբուկին եւ շուրջպարին: Եւ այս բեմը զարդարուած է ցորենի հասկերով, «ոսկի» հունձքով` նուիրումով եւ իրագործումներով»:

Ան իր օրհնաբեր թելադրանքը ուղղեց շրջանաւարտներուն, որպէսզի անոնց քայլերը ըլլան հաստատ ու ամուր եւ իրենց ունեցածը արդիւնաւորեն նաեւ իրենց վարժարանին համար:

Այնուհետեւ շրջանաւարտները, տնօրէնն ու ընդհանուր հսկիչները ընդունեցին ներկաներու ջերմ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները:

Վկայական ստացան.

ԺԲ. դասարանէն

Արփա-Ռիթա Սարգիսեան, Էլիաս Ապու Ասալէ, Ալեքս Շաննագեան, Փոլ Ճանսըզեան, Գարօլ Քենտիրճեան, Լարա Գարակէօզեան, Յակոբ Չափարեան, Խաժակ Ադամեան, Գարինա Աշգարեան, Մակի Քենտիրճեան, Միքայէլ Հաճեան, Անժելիքա Սըգայեան, Պետիկ Հերկելեան, Լեւոն Ղուկասեան, Մարտիկ Ատաճեան, Մաքրուհի Զէյթունլեան:

Զ. դասարանէն

Արազ Սարգիսեան, Ալեքսիա Սըգայեան, Ալեակ Գույումճեան, Ալիք Աշգարեան, Անժելա Քէօշկէրեան, Ռիթա Քէօշկէրեան, Սելենա Գրիգոր, Սանան Արուշեան, Գարլա Աբրումեան, Կարօ Սթամպուլեան, Քրիսթել Սապունճեան, Լիլի Գապաքեան, Մաթիլտա Գէօհիւլեան, Յակոբ Այնթապլեան: