Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Ամավերջի Հանդէսը` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին

Շաբաթ, 30 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց  թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, տեղի ունեցաւ «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի ամավերջի հանդէսը` քոլեճի շրջափակին մէջ:

Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեան եւ «Սարդարապատ» յաղթերգի կշռոյթին տակ, կատարողութեամբ նախակրթարանի երգչախումբին, շրջանաւարտները հանդիսաւոր կերպով բարձրացան բեմ ու գրաւեցին իրենց տեղերը:

Բացման խօսքը կատարեց քոլեճի տնօրէն Արմէն Թաշճեանը, որ ողջունելէ ետք հանդիսականները, յայտնեց, որ սոյն հանդէսով պիտի ուրուագծուի դար մը առաջ հայոց պատմութեան էջերուն արձանագրուած մարտնչող նուիրական այն պահը, որուն ջանքերով կերտուեցաւ հանրապետութիւն եւ ծնաւ եռագոյն դրօշ:

Հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրը վարեցին ԺԱ. կարգէն աշակերտներ` իբրեւ հաղորդավարներ:

Ա.-Գ. կարգերու երգչախումբը կատարեց «Զօրավար Դրօ» եւ «Ազգ փառապանծ» երգերը, ապա նախակրթարանի շրջանաւարտ Զ. դասարանը ներկայացուց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան» երկարաշունչ բանաստեղծութենէն բաժին մը, որուն ընթացքին աշակերտները ներկայացուցին Արամ Մանուկեանի գեղանկարչական դիմանկարը, եւ ասմունքի աւարտին, իբրեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ, աշակերտները ազատ արձակեցին սպիտակ աղաւնիներ:

«Մեր դարաւոր ուղին» պատկերաւոր խորագիրի տակ շրջանաւարտ ԺԲ. դասարանը իր մասնակցութիւնը բերաւ գեղարուեստական յայտագիրին` հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան, ստեղծագործ միտքի, անխոնջ աշխատանքի ու մշակութային բարձրորակ արժէքի` ասմունքի-նուագի-երգի-պարի ագուցուած պատկեր մը մատուցելով ներկաներուն, աւարտին ցուցադրելով տեղւոյն վրայ գործուած վարժարանին նշանակը:

Մրցանակաբաշխումէն ետք նախակրթարանի Դ.-Զ. երգչախումբը մատուցեց «Արամ Մանուկեան» եւ «Երդում հայոց բանակին» երգերը, իսկ Ա.-Բ. պարախումբը` «Սիւնեաց սարեր» նազպարը:

Օրուան պատգամը տուաւ վարժարանի վաստակաշատ ուսուցիչ Յովհաննէս Խօշեանը, որ խրախուսեց շրջանաւարտները` մաքառումի ձգտումով առաջնորդուիլ, չնահանջել ու պայքարիլ կեանքի տարբեր հոսանքներուն ու դժուարութիւններուն դէմ, որպէսզի իրագործեն իրենց նպատակները: Ան թելադրեց, որ սկզբունքի տէր ըլլան, առաւել զարգանան, ամուր անհատականութիւն ունենան եւ պահեն իրենց ազնիւ հոգին, որպէսզի կարենան բոլորին վստահութիւնը շահիլ:

 

Շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը` Գ.-Դ. կարգերու «Յաղթական հայրենիք» եւ Թ.-ԺԱ. կարգերու «Եռագոյն երկնակամարի տակ» պարային ելոյթներով:

 

Հանդիսութեան ընթացքին գեղեցիկ յուշանուէրով պարգեւատրուեցան վարժարանի վաստակաշատ ուսուցիչներ Յովհաննէս Խօշեանն ու Րաֆֆի Անտոնեանը:

Շրջանաւարտներ Ալիք Սթանպուլեանը (հայերէնով), Լիլիթ Աբրահամեան (արաբերէնով) եւ Շանթալ Ատաճեանը (անգլերէնով) կարդացին ուղերձները:

Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինով վարժարանիս հինգ պարախումբերը բեմ բարձրացան` ազգային պարերու խանդավառ շարքով մը ներկայացնելով:

Այնուհետեւ պահը հասած էր վկայականներու բաշխումին: Տնօրէն Արմէն Թաշճեանը խօսքը ուղղելով ԺԲ-ի շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Ձեր վկայականի կնիքը առաւել ծանրակշիռ պատուէր կը կրէ: Այդ պատուէրը ուղղակի պետականակերտ սերունդին կենսագործած օրինակէն եւ արժէքներէն կը բխի: Եղէք ինքնուրոյն ու ինքնիշխան, բայց սեփական դիմագիծ ունենալու եւ ինքնիշխան կենսագործելու համար միտքի ու հոգիի ուժականութեան պայքարին պէտք է լծուիլ անընդմէջ»:

Բարի երթ մաղթելով շրջանաւարտներուն` տնօրէնը բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը, օրուան պատգամախօսն ու Րաֆֆի Անտոնեանը, որոնց ձեռամբ կատարուեցաւ վկայականներու բաշխումը:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տուաւ իր պատգամը: Ան կարեւոր նկատեց սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայ վարժարանին կատարած առաքելութիւնը` իր ժողովուրդին, իր շրջապատին ու հայրենիքին, «որուն համար մեր ժողովուրդը իր ամէնէն ընտիր զաւակները կը զոհէ, որպէսզի մենք ապրինք իբրեւ ազատ ժողովուրդ` քաղաքակիրթ ազգերու շարքին, մեր սեփական արժէքներով անկախութիւն ձեռք ձգած հաւաքականութիւն, մեր ազգային իղձերուն ու երազներուն հասնելու նպատակով»:

Վկայական ստացան.

ԺԲ. դասարանէն

Շանթալ Ատաճեան, Լիսա Յովսէփեան, Ալիք Սթանպուլեան, Ալիք Թերզեան, Շանթ Փալազեան, Վանայ Սարգիսեան, Մոսիկ Հերկելեան, Բալիկ Գաբրիէլեան, Դալար Քենտիրճեան, Լիլիթ Աբրահամեան, Մեղեդի Պեքարեան:

Զ. դասարանէն

Արինա Աբրահամեան, Արենի Այնթապեան, Աշոտ Գարագաշեան, Անի Գազանճեան, Փաթիլ Թասլաքեան, Զոհրապ Յովսէփեան, Գարոլ Սեւերեկլեան, Կարէն Հերկելեան, Քրիսթօ Զաքարեան, Լուսի Հերկելեան, Լուիս Լահամ, Լիանա Գլընճեան, Մհեր Աշգարեան: