Այս տարեշրջանին ե՛ւս` համավարակի ստեղծած պայմաններէ թելադրուած, Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը սահմանափակուեցաւ Ծաղիկ դասարանի վկայականներու բաշխման արարողութեամբ:
Շաբաթ,19 յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարժարանի հաւկթաձեւ շրջափակը ժամադրավայրն էր 2020-2021 տարեշրջանի մանկապարտէզի փոքրիկ աւարտականներու ծնողներու եւ հարազատներու տօնական համախմբումին:
Ծաղիկներու հանդիսաւոր մուտքէն եւ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարիչ մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան, որ անդրադարձաւ տարերշրջանի իւրայատկութեան եւ մանկապարտէզի բաժանմունքին կողմէ վարժարանի առցանց դասաւանդութեան դրոյթին ընդմէջէն հաղորդական եւ արդիւնաւէտ մնալու նպատակով կազմի որդեգրուած զանազան միջոցներուն` վեր առնելով ուսուցչական ջանադրութիւնը ամբողջացնող ծնողներու գործակցութեան պատրաստակամութիւնն ու հետեւողութիւնը:
Այնուհետեւ, Ծաղիկ դասարանը խմբերգով հանդէս եկաւ` մեկնաբանելով «Արեւ եւ անձրեւ», որուն յաջորդեց անոնց հրաժեշտի ուղերձը:
Վկայականներու բաշխումէն առաջ իր խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ հաւաքի ծաղկած տեսարանը կրթական երթի շարունակութեան լաւագոյն ապացոյցը համարեց` հաստատելով, որ «պարարտ հողին մէջ յայտնուած, զոհողութեան ամենազուլալ ջուրերով ծլարձակած սերմը, գուրգուրանքի շողերով փայփայուած `անպայմանօրէ՛ն պիտի ծաղկի»: Ան համոզում յայտնեց, որ ամէնէն դժնդակ առօրեան ի՛սկ, ծաղիկներով գունաւորելու կարիքը ունի եւ ամէնէն մշուշոտ ապագան ալ ծաղիկներով կը յուսավառուի, հետեւաբար ծաղիկներ ունենալու համար կ՛արժէ ամէն զոհողութիւն, դիմադրութիւն եւ կռիւ:
Եզրափակելով իր խօսքը` տնօրէնը մաղթեց, որ անորոշութեան հիւսուող պատը անզօր ըլլայ բանտարկելու հաւաքական յոյսը ու երազները` յանձնառութիւն յայտնելով «յառաջիկայ փուլին մանուկներէն խլուածը կրկնապատիկ վերադարձնելու»:
Վկայականներու բաշխման համար տնօրէնը բեմ հրաւիրեց հոգեւոր տեսուչը, քաղաքապետը ու վարիչ մանկապարտիզպանը: Վկայականներու բաշխման ընթացքին մանկապարտէզի աւարտականի իւրաքանչիւր աշակերտ ներկաներուն փոխանցեց ապագայի իր փափաքն ու խոստումը:
Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծայրագոյն վարդապետ Գուճանեան, որ` վկայակոչելով գիւղի ազգային վարժարանէն սիրած տարբեր իրողութիւններ եւ երեւոյթներ, դրուատեց անոր անցած ուղին եւ ներկայի տարբեր մարտահրաւէրները վճռակամութիւնը: Հայր սուրբը` շնորհաւորելով բոլորը, հպարտառիթ երեւոյթ համարեց դպրոցական առաջին վկայականը Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզէն ստանալու իրողութիւնը:
Հաւաքը եզրափակուեցաւ հայր սուրբին պահպանիչով: