Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Վարժարաններու Միջնակարգ Դասարաններու Աշակերտներու Միօրեայ Սեմինար

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովին, շաբաթ, 1 դեկտեմբեր 2018-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու միջնակարգ դասարաններու աշակերտներու միօրեայ սեմինար` «Հայ քրիստոնեայ աշակերտին նկարագիրը եւ դերակատարութիւնը» նիւթով:

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան աղօթքէն ետք սեմինարի բացման խօսքը արտասանեց Ազգային վարչութեան անդամ Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանը: Ան բացատրեց հոգեւորականութեան իմաստը եւ նկատել տուաւ, որ հոգեւորական ըլլալը ի ծնէ մարդկային զգացում մըն է, որ պէտք է զարգացնենք, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեր կեանքի դժուարութիւնները: Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանը ըսաւ, որ աշակերտները անցումային կարեւոր ժամանակաշրջան մը կ՛ապրին եւ կը պատրաստուին համալսարան մտնելու եւ այս փուլի դժուարութիւններուն դիմաց կրնան գտնուիլ, եւ որպէսզի այս փոփոխութիւնը հեզասահ ընթանայ, եւ իրենք կարենան դիմագրաւել, շատ կարեւոր է հոգեւոր ըլլալը: Ան նաեւ բացատրեց, որ գիտական հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ հոգեւորականներուն ուղեղին կազմուածքը տարբեր է, աւելցնելով, որ հոգեւորական կեանքը պատնէշ է պատանեկան ընկճուածութեան: Բանախօսը նկատել տուաւ, որ Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ սերտողութիւն մը եղած է, որուն լոյսին տակ ան թուեց հինգ յատկութիւններ, որոնք կը փաստեն, թէ մարդիկ ի ծնէ հոգեւորական են. ա) Արթնութիւն, բ) Սէր, գ) Բարեսիրական աշխատանք տանիլ, դ) Բնութեան եւ շրջանակին հետ կապ, ե) Կեանքին նկատմամբ խոկալ եւ մարդկային արժէքները յարգել: Ան հաստատեց, թէ որպէս հոգեւորական` անձ մը պէտք է ունենայ ձգտում` իր երազը իրականացնելու, միեւնոյն ժամանակ` շրջապատին եւ ազգին բարեգործութիւն կատարելու, աւելցնելով, որ հոգեւորականութիւնը ներքին ուժ կու տայ այդ մէկը իրագործելու: «Ամէն առաւօտ կարդացէք «Հաւատով խոստովանիմ»-ը: Ձեր իմաստութեան աղբիւրը թող ըլլայ աղօթքը, եւ երբեք չշփոթէք բարի ըլլալը կամ բարիք գործելը տկարութեան կամ միամտութեան հետ: Երբեմն չարիքով շրջապատուած ընկերութեան եւ աշխարհին մէջ ամէնէն մեծ քաջութիւնն ու յանդգնութիւնը բարիք սերմանել է», եզրափակեց Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանը:

Այնուհետեւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը խօսեցաւ «Ի՞նչ կը նշանակէ հայ քրիստոնեայ ըլլալ» նիւթին շուրջ: Ան իր խօսքի սկզբնաւորութեան բացատրեց աշակերտ ըլլալու իմաստը` դաս սորվիլ, ուսուցիչը մտիկ ընել եւ նպատակ ունենալ ապագայի համար` աւելցնելով, որ որպէս քրիստոնեայ` իրենք աշակերտ են Քրիստոսի: Բանախօսը թուեց յատկութիւնները հայ քրիստոնեայ աշակերտին եւ հաստատեց, որ ան կ՛ըլլայ տիպար, բարի, ընկերասէր, հաւատացեալ եւ աղօթող` լաւ օրինակ հանդիսանալով իր շրջապատին: Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, ըսաւ, որ մեր նկարագիրը կը կազմուի մեր ընտանիքին մէջ եւ անհատի մը ապրած կեանքն է, որ կ՛որոշէ անոր նկարագիրը: «Մեր նպատակին հասնելու համար պէտք է աշխատանք տանինք: Մեր կեանքը այնպէս մը ապրինք, որ աշխատասիրութիւնը, քաղաքավարութիւնը առաքելութիւններ դառնան: «Նեղութեան պարագային» փորձենք չհակադարձել, այլ` լաւ բաներ մտածել եւ դժուարութիւնները ընդունիլ», եզրափակեց Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը:

«Իբրեւ քրիստոնեայ հայ աշակերտին առաքելութիւնն ու պարտականութիւնները» նիւթով ելոյթ ունեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, որ «փաուըր փոյնթ-ով ներկայացուց իր նիւթը: Ան նկատել տուաւ, որ մեր պարտականութիւնն է, որպէս քրիստոնեայ, յարգել, աղօթել, ուսանիլ, ներողամիտ եւ ընկերային ըլլալ: Քահանայ հայրը թուեց յատկութիւնները, որոնց պէտք է ծանօթ ըլլայ հայ աշակերտը, որոնցմէ առաջինն է ինքնաճանաչումը: Ան բացատրեց, որ հայ աշակերտը պէտք է ճանչնայ` ինքզինքը, իր եկեղեցին, պատմութիւնը, մշակոյթը, լեզուն, աւանդութիւնները եւ պէտք է ունենայ քրիստոնէական կոչում, Աստուծոյ ճամբով ճանչնայ Քրիստոսը` ընդունելով զայն իր կեանքին մէջ: Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը մանրամասնելով յիշեալ յատկութիւնները` ըսաւ, որ հայ աշակերտը պէտք է ճանչնայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, անոր հիմնադրութիւնը, քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ այլն: Պէտք է ճանչնայ հայոց պատմութիւնը, հայ գիրերու գիւտը, Վարդանանց ճակատամարտը, Հայոց ցեղասպանութիւնը, Արցախի ազատագրական պայքարը: Պէտք է պահպանէ մայրենի լեզուն, հայկական արժէքները, ինչպէս նաեւ հայկական աւանդութիւնները` Տեառնընդառաջ, Համբարձում, Վարդավառ, խաղողօրհնէք, խթման գիշեր եւ այլն: Անդրադառնալով իբրեւ քրիստոնեայ հայ աշակերտին առաքելութեան` Սագիս քհնյ. Սարգիսեանը շեշտեց, որ պէտք է տէր դառնանք մեր գիտելիքներուն, աւանդներուն եւ տարածենք զանոնք աշակերտական հաւաքներու եւ յատուկ հանդիսութիւններու ճամբով:

Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք աշակերտները բաժնուեցան խումբերու եւ կատարեցին խմբային աշխատանք: Իւրաքանչիւր խմբակին տրուեցաւ նիւթ մը: Ա. խմբակին նիւթն էր` «Ինչպէ՞ս կարելի է դպրոցական կեանքէն ներս հոգեւոր բնոյթով ձեռնարկ կազմակերպել», Բ. խմբակին` «Խմբային աշխատանքով տարեկան ազգային-հոգեւոր բնոյթի ծրագիր կազմակերպել», իսկ Գ. խմբակին` «Հայ քրիստոնեայ աշակերտը արտադպրոցական հաւաքական ազգային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ ի՞նչ տեղ եւ դեր կրնայ ունենալ»: Աւարտին իւրաքանչիւր խմբակ ներկայացուց իր կատարած աշխատանքը:

Սեմինարին արժեւորումը կատարեց եւ եզրափակիչ պատգամը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Ան նախ գնահատեց բոլորին ներկայութիւնը, այն որ միասնաբար աշխատեցան եւ հաւաքաբար ծանօթացան, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ քրիստոնեայ ըլլալ: Սրբազանը ըսաւ, որ երբ խօսիք հայութեան մասին, չենք կրնար անկէ անջատել մեր քրիստոնեայ ըլլալը, աւելցնելով, որ մեզի համար հայ քրիստոնեայ ըլլալը մեր ինքնութիւնն է: Ան նշեց, որ մեր պատմութեան ընթացքին շատ դէպքեր պատահած են, երբ հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ, եկեղեցի եւ թագաւորութիւն միշտ իրարու հետ եղած են,  աւելցնելով, որ մեր աշխարհական պատմութիւնը եկեղեցական պատմութենէն կարելի չէ բաժնել: «Հայ քրիստոնեայ ըլլալը կեանք է, որ կ՛ապրինք` ամէն օր աղօթքով, մեր նկարագիրով, մաքուր կեանքով, մեծերուն հանդէպ հնազանդ ըլլալով, աշխատասէր ըլլալով, այսինքն հայ քրիստոնեայ ըլլալ` կը նշանակէ տիպար, օրինակելի աշակերտ ըլլալ, որ ապագային կարենանք տիպար եւ օրինակելի հայ մարդ ըլլալ», հաստատեց Սրբազանը աւելցնելով, թէ այս է, որ կը պատրաստէ հայ դպրոցը, եւ հոն է անոր եզակիութիւնն ու տարբերութիւնը: Սրբազանը շեշտեց, որ միայն հայ քրիստոնեայ պատանին կը գնահատէ հայ դպրոցի արժէքը, եւ հայ դպրոցի պատասխանատուները կը փորձեն կերտել հայ քրիստոնեան աւելցնելով, որ հայ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ հաւատարիմ ըլլալ մեր պատմութեան, ապրիլ հայ քրիստոնէական կեանքը եւ պատրաստուիլ ապագային հայ քրիստոնէական արժէքները փոխանցել մեր շրջապատին: Սրբազանը ըսաւ, որ հայ քրիստոնեան ինքնանպատակ չ՛ապրիր: Նախ կ՛ապրի Աստուծոյ համար, ապա` հաւաքականութեան համար: Ան թուեց երկու կարեւոր բառեր, որոնք կարեւոր են սեմինարին ընդհանուր խորագիրին մէջ. նկարագիր եւ դերակատարութիւն, ապա բացատրեց, որ իրենց նկարագիրը կը կերտուի տարիներու ընթացքին, եւ այդ նկարագիրը հայ քրիստունեայի առողջ նկարագիրն է, թէ մեզի վստահութիւն կու տայ, թէ մենք դերակատարութիւն մը ունինք կատարելիք,  եւ նկարագիր-դերակատարութիւն կը կապուին իրարու: «Մեր անձնական յաջողութիւններն ու իրագործումները մենք պէտք է շաղախենք մեր ազգային-հոգեւոր կառոյցներուն հետ, եւ այդ է  դերակատարութիւնը հայ քրիստոնեային»,  շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ թելադրեց աշակերտներուն, որ իրենց մասնակցութիւնն ու դերակատարութիւնը բերեն որպէս հայ քրիստոնեայ, եւ յորդորեց բոլորը` մտածելու, թէ որպէս հայ քրիստոնեայ աշակերտ` ի՛նչ կրնան ընել դպրոցին, եկեղեցիին համար, աւելցնելով, որ ամէնէն պարզ դերակատարութիւնը, որ կրնան ունենալ, եկեղեցի յաճախելն է, որովհետեւ եկեղեցին հայութեան համար Աստուծոյ եւ հայութեան տունն է միաժամանակ: «Մեր ամբողջ մշակոյթը քրիստոնէական դրոշմ ունի, եւ այս մէկը պատահական չէ, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իր հայ քրիստոնէութիւնը ապրած է իր ամբողջ պատմութեան, առօրեայ կեանքին, պայքարին, պահանջատիրութեան, յոյսերուն եւ սպասումներուն մէջ, եւ այս պատճառով հայ ժողովուրդը 21-րդ դարուն գոյութիւն ունի աշխարհի վրայ», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը` շեշտելով, որ հայ աշակերտը հայ դպրոցը հայ դպրոց դարձնող վառ եւ ապրեցնող ներկայութիւնն է, եւ եզրափակելով իր խօսքը` յորդորեց, որ բոլորը հայ եկեղեցի յաճախեն եւ  հայ եկեղեցւոյ ծառայեն: