Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» Մանկապարտէզի Հանդէս

Կիրակի, 10 յունիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը  11:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը ներկաները փոխադրեցին Հայաստանի մայրաքաղաքի հրապարակը, ուր ներկայացուեցաւ «Լոռին ու Մեղրին Հայաստանի մէջ» խորագրուած հանդէսը:

Կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններու աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին` Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով, իսկ ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ կատարեցին  բացման խօսքը` բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն:

Եռագոյն տարազներով բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները, որոնք իրենց բեմական առաջին փորձառութիւնը ապրեցան` մերթ բեմէն իրենց ծնողները փնտռելով ու մերթ պարելով եւ ուրախութեամբ լեցնելով իրենց ծնողներուն ու հարազատներուն սրտերը:

Ապա ծաղիկ դասարանի աշակերտները յաջորդաբար  ներկայացուցին  թատրոնը, որ զրոյց մըն էր հայրենիքի խորհրդանիշ Արարատ լերան հետ, ապա հայկական տարազներով հանդէս եկան «Իմ չինարի եարը»  պարով: Իւրայատուկ էր  բողբոջ դասարանի  պարը, երբ անոնք իբրեւ տիկնիկներ դուրս եկան խաղալիքի տուփերէն ու ներկայացուցին «Հայկական տիկնիկներու պարը»: Կոկոն դասարանները յաջորդաբար ներկայացուցին  «Ժպտա՛» ու «Հայաստան ջան» պարերը,  բողբոջները` «Կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն» պարը, մինչ ծաղիկ դասարանի աշակերտները  մէջընդմէջ  հանդէս  եկան թատերական  պատկերներով, հայկական պարով ու Էրզրումի շորորով, ապա անոնք` «Այ Այլուղս» երգին ընկերակցութեամբ, եռագոյն ծաղիկներով զարդարուած  օղակներով ներկայացուցին գեղեցիկ չափական պար մը եւ հարուածային գործիքներու կատարումով` չափական նուագ մը:

 

Ապա ծաղիկ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան «Հայրենիք», «Գովք հայրենիքիս» եւ «Եռագոյն ծիածան» երգերով` փակելով հանդէսին գեղարուեստական բաժինը:

Ապա շրջանաւարտ փոքրիկները` իրենց վկայականի տարազներով ու իրենց ձեռքին  ունենալով  դպրոցին կողմէ իրենց տրամադրուած ընտանեկան  լուսանկարները, տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ, ուր հրաւիրեցին նաեւ իրենց մայրերը եւ` իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն,  այդ նկարները տուին իրենց ծնողներուն:

Քոլեճի տնօրէն Զօհրապ Ղազարեան խօսք առնելով հաստատեց, որ 100 տարիներ ապրելով հանդերձ Հայաստանէն դուրս, հայ ժողովուրդը չկորսնցուց իր ինքնութիւնը, որովհետեւ սնեցաւ իր հայրենիքով եւ ո՛ւր ալ որ գտնուեցաւ կերտեց փոքր Հայաստան մը: Ղազարեան հաստատեց, որ անկախութեան հարիւրամեակի տարին մեծ շուքով նշուեցաւ Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ, եւ այդ յաղթական ոգին տիրած էր նաեւ մանկապարտէզին մէջ, ուր փոքրիկները եւս ծանօթացան իրենց յաղթական անցեալին ու հպարտացան իրենց ինքնութեամբ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց քոլեճի մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն, որոնց պրպտող մտքին ու ջանասիրութեան շնորհիւ մանկապարտէզէն ու մանկամսուրէն ներս անցնող տարեշրջանի ընթացքին կիրարկուած են նոր ու հետաքրքրական աշխատանքի ձեւեր, որոնց արդիւնքը յստակ եղած է թէ՛ տնօրէնութեան, թէ՛ ծնողներուն:

Ապա տնօրէնը բեմ հրաւիրեց քոլեճի վերջին երեք տարիներու վարիչ մանկապարտիզպանուհի Մարալ Էքմէքճեանը` հաստատելով, որ ան ժամանակաւորապէս ստանձնած իր  մանկապարտիզպանուհիի ծանր բեռը կատարած է  ձեռնհասութեամբ ու բարեխղճութեամբ մինչեւ նոր մանկապարտիզպանուհիի նշանակումը: Ապա տնօրէնը յայտարարեց, որ մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը պիտի փոխանցուի Լուսին Գազանճեանին:

Ապա նորանշանակ մանկապարտիզպանուհին ծաղկեփունջով մը մանկապարտէզի երախտագիտութիւնը յայտնեց Մարալ Էքմէքճեանին:

Անկէ ետք տնօրէնը բեմ հրաւիրեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը, որպէսզի տնօրէնին ու գործադիր մանկապարտիզպանուհիին հետ կատարեն վկայականներու բաշխումը:

Վկայականներու բաշխումէն ետք խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ հաստատեց, թէ մանկապարտէզի հանդէսի ներկայ գտնուիլը մեծ ուրախութիւն պատճառող առիթ է նաեւ իրեն համար` գոհունակութիւն յայտնելով եւ աւելցնելով. «Հայ դպրոցը ամէնէն ապահով միջավայրն է ձեր զաւակներուն համար, որոնք այս յարկին տակ կը պատրաստուին վաղուան կեանքին: Այս տարուան հանդէսը արդարօրէն ձօնուած էր Հայաստանի Ա. անկախութեան 100-ամեակին: Հայ դպրոցը ի սէր Հայաստանին ու հայութեան գործող այն միջնաբերդն է, որ տարուէ տարի նոր հունձքերով մեզ առաւել եւս կ՛ամրացնէ մեր կեանքէն ներս, որպէսզի մեր հայրերու հաւատքով շարունակենք աշխարհի տարածքին ապրիլ հայօրէն եւ ազգային արժէքներով` ի սէր եւ ի խնդիր Հայաստանի»:

Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ  հայ դպրոցին, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, ծնողներուն ու ժողովուրդին գիտակցութեան շնորհիւ եւ իր արտադրած հունձքով խոր յոյս կը ներշնչէ մեր կեանքին: Ապա սրբազան հայրը մաղթեց, որ Աստուած պահէ ներկաներուն  ընտանիքներն ու զաւակները, անսասան պահէ Հայաստանն ու օրհնէ հայ ժողովուրդը ամէնուրեք:

Հանդէսը վերջ գտաւ հրավառութեամբ:

Մանկապարտէզի  վկայական ստացան`

Ծաղիկ
Այվազեան Մարիա, Արսլանեան Ֆիմի, Գույումճեան Ալիք, Գույումճեան Կալիա, Գոլաքճեան Դալար, Խաչատուրեան Սինթիա, Կապոնեան Կրէյս, Ճիհանշահեան Անի, Մաճարեան Ալիք, Մկրտիչեան Սէրլի, Արժինեան Նժդեհ, Բարսեղեան Ժոզէ, Հասէքեան Քրիսթոֆըր, Մելքոնեան Քրիս, Պետիկեան Ճոն, Սապունճեան Սագօ, Ստեփանեան Կարս: