Ազգային Յառաջ մանկապարտէզի 2017-2018 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 յունիս 2018-ի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակին մէջ: Ներկայ էին պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի բարերար տէր եւ տիկին Լեւոն Թորոսեան, բարերարներ, հիւրեր եւ ծնողներ:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանի վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Վարժարանը բարձր պահող ու հարստացնող օղակը` տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, ուսուցչական կազմ եւ ծնողներ, իրենց ճիգը չխնայեցին քաջալերելու, համբերելու եւ նեցուկ կանգնելու այս դարբնոցին, ի սէր նորահաս սերունդի մաքուր ու արդի կարելիութիւններով օժտուած միջավայրի մը մէջ աճման եւ տարրական գիտելիքներ ջամբելու գործընթացին»: Ապա ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք տարբեր առիթներով եւ զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսացան մանկապարտէզին: Ան ըսաւ, թէ շրջանաւարտ սերունդը պիտի կոչուի Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան 100-ամեակի սերունդ, որ կը հաստատէ. «Մենք սփիւռքի զաւակներն ենք, մենք չենք ծնած մայր հայրենիքի մէջ, այլ հայրենիքը ծնած է մեր մէջ»:
Ապա բեմ բարձրացան փոքրիկները, որոնք մանկական պատումներով ու ոճով, սակայն իմաստասիրական խորքով, հանդիսատեսին փոխանցեցին «Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակ»-ի պատգամը:
Օրուան գեղարուեստական յայտագիրին իւրայատուկ փայլք տուին ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնք հանդէսին ընթացքին, մերթ ընդ մերթ բեմ բարձրանալով, վեր առին Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակի խորհուրդը:
Ծիլ դասարանի երգչախումբի «Տղաների երգը»-ի կատարումով ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն յաջորդեց «Եռագոյն ծիածան» պարը: Ապա բողբոջ դասարանի աշակերտները երգեցին «Իմ Երեւան» երգը ու պարեցին «Նաւաստիներու» պարը: Այնուհետեւ կոկոն դասարանի աշակերտները երգեցին «Մենակ չենք մենք» երգը և պարեցին «Նոր սերունդ» պարը: Ծաղիկ դասարանի աշակերտները երգեցին «Հայրենիքն իմ» երգը ու պարեցին «Ղափամա» հայկական պարը:
Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց շրջանաւարտներու ուղերձը, որուն մէջ անոնք հրաժեշտ տուին իրենց ուսուցիչներուն եւ մանկապարտէզին:
Նախքան վկայականներու բաշխումը, ծաղիկի շրջանաւարտներուն խօսք ուղղեց վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան: «Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակի արեւով ծաղկած էք լիովին եւ ձեր ծաղկունքին բուրմունքը կը շնչենք բոլորս. մեր եռագոյն ձգտումը, հրայրքն ու երազը նոր տրոփումներով յոյս եւ ուժ կ՛ամբարէ», ըսաւ ան:
Տնօրէնը հաստատեց, որ` «առանց ձեր ծաղկունքին` կ’իմաստազրկուին, ո՛չ միայն մեր ազգային տեսլականն ու մեր բոլոր ձգտումները, այլեւ մեր ազգային հաւաքական կեանքը անապատացման ճամբան կը բռնէ»: Ապա անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «ասկէ 100 տարիներ առաջ, միմիայն հերոսներու եւ սերունդի ծաղկունքն էր, որ Հայաստանը, հայութիւնն ու ընդհանրապէս հայկական քաղաքակրթութիւնը փրկեց անապատացումէ. առանց այդ խրոխտ ու վառ ծաղկունքին, մենք չէինք ունենար Սարդարապատ, չէինք ունենար անկախութիւն եւ հանրապետութիւն, չէինք ունենար դրօշակ եւ քայլերգ: Սերունդներու ծաղկումն է, որ պիտի ապահովէ ազգի անխափան երթը դէպի յաւերժութիւն. այդպէս էր երէկ, այդպէս է այսօր եւ ընդմիշտ, իսկ մեր ազգի յարատեւումը այդ մշտանորոգ ծաղկումով պայմանաւորուած է», յայտնեց Ա. Թաշճեան:
Վերջապէս տնօրէնը շեշտը դրաւ հայոց պատմութեան այն մեծագոյն դասին վրայ, որ հիմնականօրէն սերունդներու ծաղկումին հետ ճշգրիտ ժամադրութիւն պահելու կարողութիւնն է: «Ժամադրութիւն` այսպիսի՛ սերունդներու, զորս կը մկրտենք 28 մայիսի արեւուն շողերով եւ անոնց դպրոցական առաջին վկայականին մէջ կը դրոշմենք այդ արեւը, իբրեւ ինքնութեան անվրէպ ուղենիշ», ըսաւ Ա. Թաշճեան:
Ապա տնօրէնը, շնորհաւորելով ծաղիկները , իրենց ծնողներն ու մանկապարտէզի անձնակազմը, բեմ հրաւիրեց վարժարանի նախկին վաստակաշատ մանկապարտիզպանուհի Վերգինէ Այնթապեանը, ինչպէս նաեւ Ծովիկ Սնապեանը, որպէսզի կատարեն վկայականներու բաշխումը:
Հրավառութեամբ ու բոլոր փոքրիկներու բեմ բարձրացումով փակումը կատարուեցաւ օրուան հանդիսութեան:
Շրջանաւարտներն են. Անտրէիա Սգայեան, Ալեքս Գէօհիւլեան, Աւօ Աւետիսեան, Բիւզանդ Սապունճեան, Զուլալ Թաշճեան, Լարա Պէքարեան, Կալինա Գասամանեան, Ճորճ Մալլօ, Մարիլին Ատաճեան, Յովակ Ադամեան, Նարօտ Անտէքեան, Ռուպինա Աշգարեան, Սելենա Փալազեան, Վահագ Խօշեան, Վանա Տէտուշեան, Վիքի Հաւաթեան եւ Ռայմոնտ Դանիէլեան: