Ամալ շարժումի Լեռնալիբանանի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ շարժումի Պուրճ Համուտի եւ շրջակայ շրջաններու պատասխանատուները` գլխաւորութեամբ շէյխ Ապպաս Հասանի եւ Իմատ Ղամլուշի, չորեքշաբթի, 19 ապրիլ 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, այցելեցին Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հետ: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան:
Պատուիրակութիւնը Ս. Զատկուան տօնին առիթով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ մաղթեց, որ լիբանանահայութիւնը շարունակէ իր օգտաշատ դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ: Իր կարգին, Սրբազան Հայրը յոյս յայտնեց, որ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները առաւել եւս զարգանան եւ գործակցութեան հորիզոնները ընդարձակուին: