Հակառակ երկրին մէջ տիրող առողջապահական թէ ընկերային զանազան տագնապներուն, Ազգային միացեալ վարժարանի մեծ ընտանիքը փափաքեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը նշել իւրայատուկ ձեւով, վարժարանին շրջափակին մէջ:
«Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրավիճակը չէր կրնար արգելք հանդիսանալ հայ աշակերտին` Ապրիլ 24-ի նախօրեակին իր յարգանքը մատուցելու 1915-ի Եղեռնի զոհերուն:
Երկուշաբթի, 19 եւ երեքշաբթի, 20 ապրիլին վարժարանի բոլոր բաժանմունքներուն` մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի դասարանները դպրոց ներկայացան` ոգեկոչելու Եղեռնի 106-ամեակը, բնականաբար տնօրէնութեան կողմէ ճշդուած ժամանակացոյցով մը եւ որդեգրելով «Քորոնա» ժահր»-էն նախազգուշացման բոլոր միջոցները:
Ճշդուած օրերուն բոլոր աշակերտներն ալ անխտիր դպրոց ներկայացան ճերմակ կամ սեւ շապիկներով, ճերմակ քթակապերով, որոնց վրայ իրենց ձեռքերով պատկերած էին 106 թուանշանը եւ Եռագոյնը:
Վարժարանի բակին մէջ տեղադրուած էին Ծիծեռնակաբերդի կոթողը, Եռագոյն դրօշակը, հայկական խորհրդանիշներ եւ Եղեռնէն պատկերներ:
Երկուշաբթի առաւօտուն վարժարանի մուտքին միջնակարգի աշակերտուհիներ հայկական տարազով դիմաւորեցին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու աշակերտներն ու անոնց յանձնեցին անմոռուկ ծաղիկներ: Անոնց մատղաշ հոգիները բարկացած էին թշնամիէն: Անոնց անմեղ աչքերէն կ’արտացոլար զայրոյթ մը` վայրագ թուրքին դէմ: Աշակերտները երկիւղածութեամբ մօտեցան Ծիծեռնակաբերդի կոթողին, որուն առջեւ զետեղեցին անմոռուկ ծաղիկները` անոնցմով պատկերելով 106 թուանշանը: Ակներեւ էր, որ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներ հայ զինուորի տարազով կը հսկէին Ծիծեռնակաբերդի կոթողին: Առաջին դասարանէն Գէորգ Արուշեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Գարուն ա ձիւն ա արել» ոտանաւորը:
Երեքշաբթի առաւօտուն չորրորդ դասարանէն մինչեւ աւարտական դասարաններու աշակերտները ներկայացան դպրոց` իրենց կարգին յարգանքի տուրք մատուցելու մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն:
Վերոնշեալ դասարաններու աշակերտներուն` Ապրիլ 24-ի նշումը ունէր այլ բնոյթ:
Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները թղթիկներու վրայ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով խօսքեր արձանագրած էին. «Ահաւասիկ մենք ենք փաստը, թուրքերը չկարողացան բնաջնջել հայ ժողովուրդը», «Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմութիւն չէ, այլ իրականութիւն», «Եթէ մեր իրաւունքները չպահանջենք, մեր նահատակները պիտի անիծեն մեզ», «Թուրքիան պէտք է պատժուի», «Թուրքին հաշիւը մե՛նք պիտի տանք»:
Իւրաքանչիւրը իր արձանագրութիւնը եւ ստորագրութիւնը կրող թղթիկը զետեղեց Ծիծեռնակաբերդի կոթողի սիւնին վրայ, իսկ Զ. դասարանէն Գէորգ Պալեան ջութակի վրայ նուագեց երգահան Մազմանեանի «Վոքալիզ» եղանակը:
Է., Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտները խմբային աշխատանքներով ներկայացան դպրոց: Իւրաքանչիւր խումբ, Ցեղասպանութեան դէմ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն, պատրաստած էր պոռթկում արտայայտող խօսք մը, ինչպէս` «Վճռած ենք յարատեւ պայքարիլ», «Հայ դատին արդար լուծումը կը պահանջենք», «Մեր նպատակը յստակ է, մեր պահանջը արդար է», «Մերն են Արեւմտահայաստանը, Ջաւախքը, Նախիջեւանն ու Արցախը», «Ամօ՛թ թրքասէրներուն», «Ցեղասպանը պիտի դատուի», «Պիտի պայքարինք մինչեւ վերջին շունչ», «Թուրքը եւ ազերին չեն կրնար մեզի բարեկամ դառնալ» եւ այլն, իսկ Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտուհիներ Վանայ Աւետիսեան եւ Տեսիլ Այվազեան ելոյթ ունեցան «Զինուորի մօր» երգով:
Երկրորդականի դասարաններու աշակերտները կանչերով մտան դպրոց եւ գունաւոր սրսկիչ հեղուկներով «Թուրքը իմ թշնամին է», «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ», «Կը մերժեմ թրքականը» կարգախօսները արձանագրեցին պաստառներու վրայ:
Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց Զաւէն Սիւրմելեանի «Ասացուածք ծառ տնկելու առթիւ» ոտանաւորը, իսկ օրուան խորհուրդը նշող աշակերտական խօսքեր արտասանեցին Սարին Նալպանտեան (հայոց լեզուով), Ալին Ճուլֆայեան (արաբերէնով) եւ Նանոր Գոճայեան (անգլերէնով): Աշակերտներուն արտասանած խօսքերուն մէջ կար ցասում, ոճրագործին դէմ պոռթկում, վրէժի զգացում, արդարութեան պահանջ, յարատեւ պայքարի վճռակամութիւն:
Ապա երկրորդական դասարաններու խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան մասին օտար յայտնի անձնաւորութիւններու` քաղաքագէտներու, նախագահներու, բանաստեղծներու, դեսպաններու, վարչապետներու եւ գրողներու վկայութիւններ:
Յատկանշական եղաւ նաեւ յայտագիրին ընթացքին իւրաքանչիւր բաժանմունքի ներկայացուցիչի կողմէ, վարժարանի շրջափակին մէջ ծառատնկումը` ի յիշատակ Ապրիլեան մեր նահատակներուն: Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտներուն ձեռամբ ցանուած ծառերը պիտի աճին եւ ճիւղաւորուին այնպէս, ինչպէս որ հայութիւնը Եղեռնէն ետք վերապրեցաւ եւ բազմացաւ:
Առցանց դասաւանդումը, «Քորոնա» համաճարակը թէ զանազան տագնապները չկրցան մեր աշակերտութիւնը հեռու պահել Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի ոգեկոչումէն:
106 տարիներ անցած են Եղեռնէն` հայութեան դէմ գործադրուած մեծագոյն ոճիրէն: Սակայն այդ 106 տարիները չեն յաջողած հայ աշակերտին միտքէն ու հոգիէն ջնջել իր նախահայրերուն դէմ գործադրուած ջարդը, հայրենի հողերու բռնագրաւումը:
Ի վերջոյ, 1,5 միլիոն սուրբ նահատակներու կտակին հաւատարիմ հայորդիները` Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտները, Ապրիլ 24-ի այս նշումով եկան յայտնելու, թէ ոչ մէկ կացութիւն կրնայ ընկճել թշնամիին դէմ պայքարելու իրենց կամքը:
Բիւր յարգա՛նք մեր 1,5 միլիոն սուրբ նահատակներուն: