Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Առաջնորդական Պատգամ Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

 

«Արդարեւ, դուք գիտէք թէ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս ի՜նչ շնորհք ըրաւ մեզի. ինք,
որ հարուստն էր` աղքատացաւ ձեզի համար, որպէսզի
իր աղքատանալովը դուք հարստանաք» (Բ. Կր 8.9)

Սիրելի՛ հայորդիներ որ ի Լիբանան,

Հին տարին աւարտելէ ետք, երբ նոր տարին կը դիմաւորենք անհատաբար եւ ազգովին, ամենաբարի Աստուծոյ օրհնութիւններուն հեղումը խնդրելով ձեր բոլորին վրայ, կ՛ըսենք. «Նո՜ր տարի… գալուստդ ըլլայ բարի»:

Այս տարուան մեր նշանաբանը թող ըլլայ` «Ամէն օր բարիք մը պիտի ընեմ»: Այս բարեգործութիւնը չշեփորենք, այլ կատարենք ու անցնինք, որովհետեւ անոր հատուցումը Աստուծմէ պիտի ստանանք: Այսպիսո՛վ միայն Նոր տարին բարեբեր կ՛ըլլայ բոլորիս համար, եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կեանքը բարեփոխած մեր կատարած բարիքը անուշաբոյր խունկի նման երկինք կը հասնի:

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան առիթով, անգամ մը եւս խոնարհաբար փոխադարձ այցելութիւն կու տանք Բեթղեհէմի անշուք մսուրին մէջ ծնած մանկացեալ Աստուածորդիին` քաջ գիտնալով, որ նախ Ինք մեզի այցի եկաւ` Իր երկնային փառքէն մեր մեղաւոր աշխարհը իջնելով, երբ «կամաւորաբար ինքզինքը այդ պատիւէն մերկացուց` ծառայական մեր բնութիւնը իր վրայ առնելով» (Փլպ 2.7):

Մեր պատգամին առաջնորդող մտածումը հանդիսացող Կորնթոսի հաւատացեալներուն ուղղուած վերեւի տողերը այսօր մեզի եւս կը հասցէագրուին, երբ Քրիստոսի մեզի ըրած շնորհքը եւ Իր աղքատանալն ու մեր հարստանալը իրարու կը զօդուին, որպէսզի լուսարձակի տակ բերենք Աստուծոյ եւ մեր յարաբերութեան այն եզակի երեսը, որ փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի աւետիսը կը փոխանցէ մեզի:

Մեր առօրեայ հեւքին մէջ, յաճախ չենք անդրադառնար, թէ մեր կեանքը օրօրոցէն գերեզման եւ աւելի ալ անդին աստուածատուր շնորհներու շղթայ մըն է, որ մեզ երկրէն երկինք եւ անցաւորէն անանց կ՛օղակէ: Այս շնորհներուն մէջ մասնայատուկ տեղ կը գրաւէ Աստուծոյ Որդիին մարդանալը եւ Ինքզինք տալը իբրեւ աստուածային գերագոյն սիրոյ արտայայտութիւն` Իր պատկերով ստեղծուած մարդը Իրե՛ն վերադարձնելու համար: Այսօր մենք կը հրաւիրուինք շնորհաբեր Աստուածորդին մեր հոգիներուն մէջ հիւրընկալելու եւ Ս. Ծնունդի զեղուն ուրախութեամբ կենդանի վկաները դառնալու Անոր ծննդեան եւ յայտնութեան բարի լուրին:

Քրիստոս այսօր մեզի համար կ՛աղքատանայ, որպէսզի մենք մեր աղքատութեան մէջ Իրմով հարստանանք: «Քրիստոնեայ» անունը կրել կը նշանակէ Քրիստոսի պատկանիլ: Մեր պարագային, այս պատկանելիութիւնը կը դրսեւորուի հայկական ինքնութեամբ եւ մեզ կը դարձնէ «հա՛յ քրիստոնեայ», երբ մեր մէջ կրօն եւ ազգութիւն կ՛ընդելուզուին անքակտելի միացումով եւ մեզ աստուածաբաշխ վաւերական սիրոյ աշակերտութեան կը կոչեն` մեր անձնական եւ հաւաքական աղքատութիւնը թէ՛ Քրիստոսով եւ թէ՛ մեր հոգեմտաւոր ախոյեաններով ու արժէքներով հարստացնելով: Այս հարստութիւնը անկողոպտելի է, որովհետեւ Աստուծոյ առատաձեռնութեան ապացոյցն է, երբ Իր Որդին որպէս ընծայ մեզի կու տայ Ան` մեր մեղքերու քաւութեան համար:

Աստուածաշնչական աւանդութեան մը համաձայն, մարդ որքա՜ն ալ աղքատ ըլլայ, պարտաւոր է իրմէ աւելի աղքատ անձ մը գտնել եւ անոր նուէր մը տալ: Ամենահարուստ Յիսուս այսօր մեզմէ ամէնէ՛ն աղքատը կ՛ըլլայ, որպէսզի մեզ Իր հարստացուցիչ օրինակով ներշնչէ Աստուծոյ զաւակները դառնալու առանձնաշնորհման պարգեւով, որուն ի պատասխան Առաքեալին հետ կը կրկնենք.-«Չքաւորութիւն ալ ճանչցայ, առատութիւն ալ տեսայ: Վարժուեցայ ամէն տեսակի կացութիւններու եւ պայմաններու. թէ՛ կուշտ ըլլալու եւ թէ՛ անօթի մնալու, թէ՛ առատութեան եւ թէ՛ չքաւորութեան: Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զիս զօրացուց» (Փլպ 4.12-13):

*

*   *

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, որդիական ակնածանօք կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ կը մաղթենք մշտադալար հայրապետութիւն:

Կը շնորհաւորենք Հայ եկեղեցւոյ սրբազան անդաստանին մէջ ծառայող մեր բոլոր միաբանակից ու հոգեւոր եղբայրները, եւ իրենց կը մաղթենք անդուլ սպասաւորութիւն:

Կը շնորհաւորենք Լիբանանի Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր դասն ու հաւատացեալները, մեր քահանայից դասը, Ազգային իշխանութեան եւ մեր ծուխերու մարմինները, լիբանանահայութեան կեանքին մէջ գործող կառոյցները եւ մեր ժողովուրդի զաւակները, եւ բոլորիդ կը մաղթենք օրհնեալ ու շնորհաձիր Ամանոր, Ս. Ծնունդ ու Աստուածայայտնութիւն:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ