Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Առաջնորդական Պատգամ` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակի Օրուան Առիթով

 

«Եկէ՛ք, զաւակներդ սուրբ նահատակներուն, առաջնորդուինք այն պայքարին օրինակով եւ կտակով, որ անոնք մեզի տուին` իբրեւ գրաւական մեր ազգին կենդանութեան. անոնց աղօթքով, Տէ՜ր, փրկէ մեզ» (Մանկունք շարական Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու)

Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան,

Այսօր այն սուրբ նահատակներուն տօնն է, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ սպաննուեցան եւ «իմացեալ մահ»-ով քրիստոնէական հաւատքն ու հայրենիքի պաշտպանութիւնը գրկեցին:

Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու 2015-ի սրբադասումը զուգորդուեցաւ քրիստոնէական հաւատքի եւ հայրենիքի անքակտելի դարաւոր ուխտին պահպանման համար մղուած մեր առաջին գոյամարտին` Ս. Վարդանանց եւ Ս. Ղեւոնդեանց ճակատամարտին:

Մեր բովանդակ կեանքը «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» կ՛ապրինք եւ ի պահանջել հարկին կը նահատակուինք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր ազգային գոյատեւման գրաւականը կեանքի եւ մահուան վկայութիւնն է: Ա՛յս իսկ է հայադրոշմ քրիստոնէական կեանքի եւ մահուան ըմբռնումը, որ մեզ «լեցուն կեանք»-ին (Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 10.10) եւ անոր տուիչին` Քրիստոսի կ՛առնչէ:

Նոյն մարտահրաւէրը դիմագրաւեցինք մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին եւ նոյն մարտահրաւէրին առաւե՛լ բարդ փուլին դէմ յանդիման կը գտնուինք այսօր, երբ աշխարհով մէկ սփռուած ենք եւ հայօրէն տոկալու պատրաստակամութեամբ կը շարունակենք մեր անկորնչելի իրաւունքներուն հետապնդումը:

Ապրիլեան սուրբ նահատակները մեր հաւաքական կեանքը առաջնորդող երկու իրողութիւն լուսարձակի տակ կը բերեն այս տարի.

Առաջին, սրբադասման արժեւորում: Իբրեւ հարազատ զաւակները ապրիլեան սուրբ նահատակներուն, չենք կրնար անտեսել անոնց գլխուն վերեւ լուսափայլող սուրբի փառապսակները, որոնք մեզ աղօթքով սրբակեցութեան եւ փրկութեան կը հրաւիրեն:

Մենք տակաւին լիովին չենք ըմբոշխնած ապրիլեան սուրբ նահատակներուն սրբութեան խորհուրդը, որ բարեխօսական խնդրանքով պէտք է թարգմանուի: Այսօր օրհնեալ եւ եզակի առիթ է գիտակցելու, թէ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք գոնէ սուրբ մը ունի եւ հրաւիրուած է սրբութեան կեանք ապրելու: Մինչեւ մահ չեմ կրնար մոռնալ հօրենական մեծ մօրս այն հոգեխռով ապրումները, որ ան կ՛ունենար, երբ իւրաքանչիւր 24 ապրիլին շարադրական տետրակս բացած կը մօտենայի իրեն եւ 24 ապրիլ 1915-ի իր յուշերէն պատառիկներ կը խնդրէի արձանագրելու համար® Մինչեւ այսօր կը փշաքաղուիմ յիշելով բարի մեծ մօրս հոգեվիճակը, որուն հաղորդութեան մէջ եմ միշտ:

Սուրբերը անցեալին ապրած եւ այսօր «Վարք սրբոց»-ներու մէջ կարծրատիպերու վերածուած առասպելներ չեն. այլ, մեր հայ քրիստոնեայի առօրեան ճշդորոշող կենդանի ներկայութիւն են:

Սուրբերու – եւ այս պարագային ապրիլեան սուրբ նահատակներուն – բարեխօսութեան դիմել, կը նշանակէ միշտ ընդգծել, թէ յաղթական եւ զինուորեալ եկեղեցին մէկ մարմին է, որուն անդամներն ենք բոլորս:

Երկրորդ, պահանջատիրական յանձնառութեան վերահաստատում: Մինչեւ մեր արդար դատին ամբողջական լուծումը, մենք կը շարունակենք արթուն պահանջատէր մնալ եւ առաջնորդուիլ այն նուիրական կտակով, որ ապրիլեան սուրբ նահատակները իրենց կեանքով եւ մահով մեզի կը փոխանցեն` իբրեւ վկայութիւն հայ ժողովուրդի կենսունակութեան եւ յաւերժութեան:

Սրբադասման խորհուրդն ու պահանջատիրութեան պայքարը իրարմով կ՛ամբողջանան եւ կ՛իմաստաւորուին, որովհետեւ մեր անմիջական անցեալին եւ հաւաքական յիշողութեան մէջ թարմ է թուրքին եաթաղանէն ճողոպրած եւ Մեծ աղէտին տառապանքը ցմրուր ըմպած վերապրողներուն հետ մեր մտերմութիւնը: Ապրիլեան սուրբ նահատակները մեր ծնողներն ու մեծ ծնողներն են, որոնք մեր հայու ամէնօրեայ կեանքը կը ներշնչեն եւ հայապահպանումն ու Հայ դատի հետապնդումը կը պարտադրեն մեզի` գիտակից հայերուս:

Հայկական պահանջատիրութիւնը սրբութեամբ կ՛օծուի, երբ ապրիլեան սուրբ նահատակներուն բարեխօսութեամբ մեր դատին արդար լուծումը կը վստահինք Աստուծոյ (տե՛ս Հռոմայեցիներուն նամակ 12.19) եւ մեր հերթին ազգովին առաջնահերթ կը դարձնենք անոր հետապնդման քաղցր լուծը` այսպիսով Արարիչ եւ արարած զուգորդումը ցոլացնելով հայ քրիստոնէական հաւատարմութեամբ:

Ապրիլեան սուրբ նահատակներուն բարեխօսութեամբ գօտեպնդուած, եկէ՛ք շարունակենք մեր պահանջատիրութեան ընթացքը` մինչեւ կատարեալ յաղթանակ:

Աղօթական ողջունիւ`

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

24 ապրիլ 2019
Պէյրութ – Լիբանան