«Ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն
կ՛ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.21)
Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան,
Այսօր կը մտնենք 2019 տարուան Մեծ պահքի ապաշխարութեամբ եւ ինքնաքննութեամբ յաղթահարելի հոգեւոր բիւրեղացման շրջանը, որուն աւարտին, որպէս մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ մեղքին ու մահուան յաղթած հաւատացեալներու հաւաք` հայ եկեղեցի պիտի սկսինք սրբակենցաղ նո՛ր կեանք ապրիլ:
Մատթէոսի աւետարանին մէջ, Լերան քարոզի ընթացքին, Յիսուս երկինքի մէջ գանձ դիզելու պատգամը կու տայ մեզի` հրաւիրելով, որ մեր սիրտը դնենք անկողոպտելի հարստութեան մէջ: Առաւել, այս մէկը կատարելու համար, Ան երեք նախապայմաններ կը դնէ.- ողորմութիւն (Մտ 6.1-4), աղօթք (Մտ 6.5-15) եւ ծոմապատութիւն (Մտ. 6.16-18): Երբ ուշադրութեամբ կարդանք աւետարանական այս հատուածները, պիտի տեսնենք, որ երեքն ալ` ողորմութիւն, աղօթք եւ պահեցողութիւն ֆիզիքականը անդրանցող եւ ճոխացնող հոգեւոր կրթանքներ են, ուր զոհողութիւնը բանալի դերակատարութիւն ունի:
Ողորմութեան, աղօթքի եւ պահեցողութեան այս զոհողական կեանքը որպէս նշանաբան որդեգրելու համար, կը յանձնարարենք, որ Մեծ պահքի ընթացքին սկսինք եւ ապա միշտ շարունակենք հետեւեալը կատարել.-
Ամէն անգամ, երբ կերակուր կ՛ուտենք, մենք զմեզ զրկենք ճաշատեսակէ մը եւ անոր համապատասխան գումարը հայկական բարեսիրական միութեան մը նուիրենք, որպէսզի մեր աղ ու հացը կիսած ըլլանք մեր կարիքաւոր եղբօր եւ քրոջ հետ:
Երբ այսպէ՛ս ընենք, Յիսուս պիտի օրհնէ մեզ, որովհետեւ Ինք կ՛ըսէ.- «Որպէսզի մարդիկ չտեսնեն, այլ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.18):
Օրհնութեամբ`
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
4 մարտ 2019
Պէյրութ-Լիբանան