Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց Թրիփոլի

Կիրակի, 25 նոյեմբեր 2018-ին, Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի այցելեց եւ Ս. պատարագին նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս:

Օրուան պատարագիչն էր Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ նորօծ հովիւ Սամուէլ քհնյ. Աճէմեան: Քարոզէն առաջ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայացուց ծուխի նորօծ քահանայ հայրը եւ յորդորեց, որ հովիւ եւ հօտ ամբողջական գործակցութեամբ նոր փուլ թեւակոխեն եւ յաջողութիւններ արձանագրեն:

Ապա, Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ հովիւը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հաւատացեալներուն` խոստանալով իր կարելին ի գործ դնել շրջանի հոգեւոր կեանքի աշխուժացման եւ հօտի գործունէութեան զարգացման համար:

Ս. պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ի պատիւ քահանայ հօր եւ երէցկնոջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին խօսք առաւ թաղականութեան ատենապետ Խաչիկ Ահարոնեան: Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանին աշակերտները: Իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Ապա Նարեկ Արքեպիսկոպոս ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, քահանայ հօր եւ շրջանի մարմիններու ներկայացուցիչներուն, այցելեց Լիբանանի աշխատանքի նախարար Մոհամետ Քապպարային եւ նախկին նախարար երեսփոխան Սամիր Ժսըրին: Հանդիպումին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւնները եւ շրջանի մտահոգութիւնները: