Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Երկու Ազգային Վարժարանները

Հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի, այցելեց Ազգային միացեալ վարժարան ու Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէն խորհուրդներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Սրբազան Հայրը ընդգծեց վարժարաններուն մէջ հոգեւոր մթնոլորտի կենսունակութեան կարեւորութիւնը եւ փոխանցեց մարտ ամսուան ընթացքին զոյգ վարժարաններուն մէջ աշակերտական Ս. պատարագ մատուցելու Կրօնական ժողովի որոշումը: Սրբազանը նաեւ յանձնարարեց, որ երկու վարժարաններուն մէջ դասարան մը տրամադրուի` իբրեւ մատուռ օգտագործուելու համար որպէսզի աշակերտներ դպրոցական առօրեայի ընթացքին հոն այցելեն եւ աղօթելու ու խորհրդածելու կարելիութիւն ունենան:

Տնօրէն խորհուրդները ուրախութեամբ ընդունեցին այս տնօրինումները:

Մօտիկ ապագային այս ուղղութեամբ գործնական քայլեր պիտի առնուին: