Կիրակի, 26 մայիս 2019-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Ժիպէյլ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ժիպէյլի հայութեան հետ: Նախքան հանդիպումը` «Թռչնոց բոյն»-ի մատրան մէջ, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, կատարուեցաւ ս. պատարագ, զոր մատուցեց Արտաւազդ աբղ. Շառոյեանը: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներուն յիշատակին:
Այնուհետեւ Ժիպէյլի ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութեան ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հիւրասիրութիւն: Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ այս կիրակի պարզ կիրակի մը չէ, այլ լեցուն է 28 մայիս 1918 թուականի խորհուրդով, աւելցնելով, որ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստ կատարեցինք մեր այն քաջամարտիկ հայորդիներուն համար, որոնք մեր պատմութեան ամէնէն բախտորոշ թուականներէն մէկը կերտեցին եւ մեզի շնորհեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը:
Սրբազանը յայտնեց, որ պատահականութեան արդիւնք չէ, որ մեր բոլոր ազգային-եկեղեցական կառոյցները միշտ քով-քովի եղած են, եւ ասիկա ցոյց կու տայ, որ մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ հայ ինքնութիւնը կարելի չէ իրարմէ անջատել: «Մենք միշտ ապրած, պայքարած եւ գոյատեւած ենք մեր հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային կառոյցներու ճամբով եւ ահաւասիկ` «Թռչնոց բոյն» եւ Հայ կեդրոն, եկեղեցի եւ ակումբ: Մէկը միւսը կ՛ամբողջացնէ», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ մենք իրարմով զօրաւոր ենք եւ իրարմով հայապահպանումը կ՛ըմբռնենք` որպէս մարտահրաւէր, եւ մեր յաջողութիւնը բոլոր մարզերու մէջ` մեր բոլորին յաջողութիւնն է: Սրբազանը ողջունեց Արտաւազդ աբղ. Շառոյեանը` հաստատելով, որ ան Ժիպէյլ հաստատուելէն ետք նուիրումով, համեստութեամբ իր կարելին ի գործ կը դնէ ոչ միայն «Թռչնոց բոյն»-ին, այլեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը շեշտեց, որ ինք լիբանանահայութիւնը մէկ ամբողջութիւն կը համարէ, հեռաւոր եւ մօտիկ համայնքներ գոյութիւն չունին, հարուստ եւ աղքատ շրջաններ չկան, մեր ժողովուրդը մէկ մարմին է, եւ այդ հասկացողութիւնը գործով ցոյց կու տայ միշտ` այցելելով մեր բոլոր շրջանները: Սրբազանը ըսաւ, որ առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս կ՛այցելէ ակումբ եւ տեսած է շէնքին ներկայանալի երեւոյթը եւ ժողովուրդին գործուն մասնակցութիւնը այս կառոյցին մէջ:
«Մենք` որպէս Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդ, մեր պատմութեան արժէքներով, հայ ժողովուրդի ամբողջ անցեալը մեր ուսերուն շալկած, ներկան այդ անցեալով հարստացուցած եւ տեսիլքով, պատասխանատուութեամբ ապագային պատրաստուող հայ մարդ` կը զգանք, որ մենք տարբեր ենք: Մեր ինքնութիւնն ու գոյութիւնը տարբեր է մեր շրջապատէն: Ամէն մարդ ալ մարդ է, բայց հայ մարդ ըլլալը` թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ մանաւանդ այսօր, դժուար է, տագնապ է, եւ այդ մէկը մենք նախ կ՛ապրինք որպէս հայ անհատ, ապա կ՛ապրինք մեր ընտանիքին մէջ, եւ այդպիսով մենք կ՛իրագործենք մեր հաւաքական իտէալները», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ ներկայիս աշխարհի տարածքին նոյնիսկ որպէս մարդ ապրիլը դժուար է, եւ կեանքը դժուարացած է ոչ միայն տնտեսական պատճառներով, այլ նաեւ մարդկային, բարոյական, հոգեւոր արժէքները նահանջի մէջ են. սակայն ի պատիւ մեր ժողովուրդին, ամբողջ աշխարհի տարածքին, հակառակ ամէն տեսակ աշխարհաքաղաքական դժուարութիւններուն, տոկացինք, պայքարեցանք, յաղթեցինք, դիմացանք, վերածաղկեցանք: «Ժողովուրդը անհատներէ կը բաղկանայ: Իւրաքանչիւրս մասնիկ մըն ենք մեր ժողովուրդէն, եւ մեր մասնակցութեամբ այդ ժողովուրդը կը վերածուի ուժական եւ յաղթական հաւաքականութեան», հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար` թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ ակումբին մէջ, աւելցնելով, որ այդ մէկը ցուցանիշ է, որ մեր ժողովուրդը նոյն գիտակցութեամբ, նոյն խոր հաւատքով եւ պատասխանատուութեամբ, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն, կը շարունակէ իր յաղթական ընթացքը: «Այս է Սարդարապատի ոգին, որ ոչ ոք կրնայ խլել մեզմէ: 28 մայիսը իմաստ եւ նշանակութիւն կը ստանայ մեր բոլորին մասնակցութեամբ: Մենք բոլորս զինուորներն ենք Սարդարապատի` մեր ժամանակով, մեր կարողութեամբ, մեր նիւթական բարոյական մասնակցութեամբ, ի պահանջել հարկին` մեր արիւնով գրելու համար մեր պատմութիւնը», եզրափակեց Առաջնորդը` մաղթելով, որ այս ոգին շարունակէ մեր մէջ մնալ, եւ մենք այս ոգիով կարենանք մեր աշխատանքները կատարել եւ մեր յաջողութիւնները արձանագրել: