Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց «Այնճար Արուեստի Ցուցասրահ»

 

Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, կիրակի, 15 սեպտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի Հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընդառաջելով «Այնճար արուեստի ցուցասրահ»-ի հովանաւոր տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու հրաւէրին, այցելեց սոյն ցուցասրահը` ընկերակցութեամբ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ Պեզիկեաններուն:

Ցուցասրահի մուտքին, սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ տէր եւ տիկին Շանթ եւ Գարին Զէյթլեաններու կողմէ, որոնք համապարփակ տեղեկութիւններ տուին ցուցասրահի բացման նպատակին մասին: