Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը

Շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի առկայ իրավիճակը եւ շեշտուեցաւ հարցերը պետութիւն ու ժողովուրդ միասնաբար լուծելու հրամայականը: Նարեկ Արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած է նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցելու ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող հայորդիներուն: Առաջնորդ Սրբազանը յոյս յայտնեց, որ համայն հայութիւնը նեցուկ կը կանգնի լիբանանահայութեան եւ իր զօրակցութեամբ կը նպաստէ, որ մեր պայմանները շուտով բարելաւուին:

Իր կարգին, դեսպան Աթաբէկեան ըսաւ, որ Լիբանանը երկխօսութեամբ եւ գործակցութեամբ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն արդար եւ ամբողջական լուծումներ պէտք է գտնէ, որպէսզի լիբանանահայութիւնը եւս շարունակէ իր աւանդական համահայկական դերակատարութիւնը: Այս առնչութեամբ ան շեշտեց, որ հայրենի պետութիւնն ու ժողովուրդը եւս կը զօրակցին լիբանանահայութեան: