Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս 3 հոկտեմբերէն 2 նոյեմբեր 2018-ի ընթացքին այցելեց հայ կաթողիկէ, հայ աւետարանական, մարոնի, յոյն ուղղափառ, ասորի ուղղափառ, ղպտի ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ եւ արաբ աւետարանական հոգեւոր պետերուն ու Լիբանանի առաջնորդներուն, եւ քննարկեց Լիբանանն ու քրիստոնէութիւնը յուզող բազմաբնոյթ հարցեր:
Սրբազան Հօր միջեկեղեցական փորձառութիւնը եւ պետերուն ու առաջնորդներուն հետ տարիներու ծանօթութիւնը նպաստեցին, որ Առաջնորդ Սրբազանը հոգեւոր պետերուն հետ սերտէ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ միասնաբար ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւնները:
Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ հաւաքական աշխատանքը յաջողութեան գրաւականն է, եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու հիմքերը կը հանդիսանան քրիստոնէական սէրը, յարգանքն ու գործակցութիւնը: