Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Ասպարէզի Ուղղութիւն Շրջանաւարտներու Կողմէ» Նիւթով Արեւելումի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 19 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-12:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասպարէզի ուղղութիւն շրջանաւարտներու կողմէ» (Career guidance from the alumni) նիւթով արեւելումի ձեռնարկը` մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու 170 աշակերտներու:

Սրահին մէջ զետեղուած սեղաններու ետին իրենց տեղերը գրաւած էին զանազան ճիւղերու մասնագէտներ, որոնց կենսագրական տուեալները «փաուըր փոյնթ»-ով անընդհատ կը ցուցադրուէին մեծ պաստառի մը վրայ:

Նախաձեռնութեան մասնակցող մասնագէտներն էին` Խաժակ Կէօքճեան` ճարտարագէտ, Սերժ Յակոբեան` ծրագրաւորող, Րաֆֆի Տէր Վարդանեան`  Hospitality, Սագօ Տէր Վարդանեան` սպայ, Տիգրան Գալայճեան` առեւտուր, Ալեքս Յակոբեան` ելեւմուտք, Լաուրա Մերտխանեան-Քաթթան` փաստաբան, Սիլվա Փափազեան` կրթական հոգեբանութիւն, Լարա Պայթարեան` տեսարաններու ճարտարապետ (Landscape architect), Նժդեհ Մկրտիչեան` լսատեսողական, Արմէն Պագալեան` Երեւանի պետական համալսարան, Սիլվա Սայիլեան` բուժքոյր, Պօղոս վրդ. Թինքճեան` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, Շանթ Վարդանեան` քաղաքական գիտութիւն, Յակոբ Նիկոլեան` օդաչու, Անտրէ Գումաշեան` ֆիզիքական կրթութիւն:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի համակարգիչի բաժանմունքի պատասխանատու եւ համակարգչային գիտութեան դասախօս` Ուսումնական խորհուրդի անդամ Շանթ Ստեփան: Ան բացատրեց, որ սոյն նախաձեռնութիւնը կը միտի խօսիլ եւ յստակացնել, թէ ի՛նչ կը սպասէ ձեզի յառաջիկայ տարիներուն, նաեւ կ՛օգնէ կողմնորոշուելու` ապագայ ասպարէզի ընտրութեան մէջ: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է ունենայ պատասխանատուութիւն եւ պարտականութեան գիտակցութիւն` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւրը իր մէջ թաքնուած ձիրք մը ունի եւ իր պարտականութիւնն է գիտնալ, թէ ի՛նչ է այդ ձիրքը, որպէսզի կամքով եւ յարատեւ աշխատանքով հասնի իր նպատակին: «Յաջողութեան բանալին ձախողութիւնը եւ չյուսահատիլն է: Մի՛ վարանիք հարցում հարցնելէ: Գտէ՛ք խորհրդատու մը, որ ուղղէ ձեզ: Բնաւ վար մի՛ առնէք ձեր ձիրքերը: Մի՛ յուսահատիք: Մեր պատմութեան մէջ մենք չունինք անձեր, որոնք վատ օրերուն կը յուսահատին», հաստատեց Շանթ Ստեփան` յոյս յայտնելով, որ բոլոր աշակերտները ներկայ մասնագէտներուն հետ հանդիպելէ ետք սրահէն կը մեկնին բաւարարուած եւ որոշ չափով կողմնորոշուած իրենց ապագայ ասպարէզի ընտրութեան մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` Շանթ Ստեփան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնագէտներուն, որոնք աշակերտներուն հետ պիտի բաժնեկցին իրենց ընտրած ասպարէզի փորձառութիւնները:

Հայկազեան համալսարանի շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնի տնօրէն Սեպուհ Կիւրիւնլեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն սոյն ձեռնարկին իրենց ներկայութեան համար, որ պիտի նպաստէ իրենց կողմնորոշուելու եւ կարելիութիւն պիտի տայ խելացի որոշումներ տալու իրենց ապագայ ասպարէզի ընտրութեան գծով: Ան շեշտեց, որ այս փուլին ճիշդ որոշում տալը շատ կարեւոր է, որովհետեւ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ իրենց ապագայ կեանքին մէջ զանազան երեւոյթներու վրայ` աւելցնելով, որ պէտք է իրենք զիրենք լաւապէս ճանչնան եւ իրենց տալիք որոշումները հիմնուին իրենց նկարագիրին եւ ուշիմութեան ու  հմտութեան վրայ:

Անդրադառնալով Հաուըրտ Կարտնըրի բազամապատիկ ուշիմութիւններու տեսութեան վրայ` Կիւրիւնլեան բացատրեց, որ սոյն տեսութիւնը կ՛օգնէ յայտնաբերելու իւրաքանչիւր անհատի ունեցած ուշիմութիւնը եւ զանոնք կապելու համալսարանին մէջ դասաւանդուած ճիւղերու: Ան ըսաւ, որ ութ տեսակ ուշիմութիւններ կան` լեզուաբանական, տրամաբանական, երաժշտական, մարմնական, տեսողական, ներքին անհատականութեան, արտաքին անհատականութեան, բնապաշտական, որոնք բոլորը ունի մարդ արարածը, սակայն տարբեր համեմատութիւններով: Կիւրիւնլեան ըսաւ, թէ սրահին մէջ զետեղուած է յատուկ տաղաւար մը Հաուըրտ Կարտնըրի տեսութեան վերաբերեալ, եւ աշակերտները այցելելով այդտեղ պիտի գիտնան, թէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ ուշիմութիւն ունի, որ պիտի օգնէ իրենց կողմնորոշուելու համալսարանական ճիւղի եւ ապագայ ասպարէզի ընտրութեան մէջ:

ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբի խմբապետ Սեւակ Քէթէնճեան լուսարձակի տակ առաւ երեք գլխաւոր երեւոյթներ. ա) Պէտք չէ տկար զգանք օտար վարժարան յաճախող աշակերտներուն նկատմամբ, որովհետեւ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտը եւս կրնայ ընտրել նոյն ասպարէզը, որ օտարը կ՛ընտրէ, բ) Իբրեւ հայ աշակերտ մեր ուսերուն վրայ ունինք պարտաւորութիւններ ո՛չ  միայն մեր անձին հանդէպ, այլ` ունինք ազգային եւ հոգեւոր պարտաւորութիւններ, որոնց համար պէտք է մարզուինք, որպէսզի այդ պարտաւորութիւնները ընենք եւ լաւապէս ներկայացնենք հայութիւնը օտարներուն, գ) Իբրեւ հայ աշակերտներ, մենք պակասը ունինք հայ իտէալներու եւ այս պարագային վտանգաւոր է այն երեւոյթը, որ այդ իտէալները փոխարինուած են օտար իտէալներով, որոնք կապ չունին մեր հայկական ու մարդկային արժէքներուն հետ, եւ ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ հայ աշակերտները կորսուին: Եզրափակելով իր խօսքը` Քէթէնճեան նկատել տուաւ, որ յաջողութեան ճամբան շատ երկար եւ փշոտ է, հետեւաբար պէտք չէ յուսահատիլ եւ յանձնուիլ, այլ` պէտք է ըլլալ ընդունակ եւ լաւատես, դիմագրաւելու համար դժուարութիւնները:

Այնուհետեւ աշակերտները առիթը ունեցան այցելելու իրենց նախասիրած մասնագիտութեան սեղանը եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու այդ ճիւղի մասնագէտին կողմէ: Յատկանշական էր այն երեւոյթը, որ գրեթէ բոլոր աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը արթնցուց Հաուըրտ Կարտնըրի տեսութեան տաղաւարը, ուր այցելեցին գիտնալու, թէ իրենց պատասխանած հարցաթերթիկը ինչ մասնագիտութեան պիտի ուղղէ զիրենք:

Յայտնենք, որ ձեռնարկի ընթացքին սրահ այցելեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, որ մօտէն հետեւեցաւ աշխատանքներուն եւ զրոյցներ ունեցաւ կազմակերպիչներուն ու մասնակիցներուն հետ: