Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կը Զօրակցին Լիբանանահայ Կարիքաւորներուն

Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ կատարուած մարդասիրական-բարեսիրական աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը 11 մայիս 2020-ին ստանձնեց սննդեղէնի 100 սնտուկներ, որոնք պիտի բաժնուին համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Այս առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխան շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ Ալ Նահիանի, գահաժառանգ իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի եւ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան տոքթոր Համատ Սայիտ Շամիսիի, ընդհանրապէս Լիբանանին եւ ի մասնաւորի Լիբանանի հայ համայնքին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած նուիրումին համար` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ճիգերուն համար եւ մաղթելով, որ այս դժուարին օրերը աղօթքով եւ հաւաքական աշխատանքով կը յաղթահարուին: