Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսը, Ազգային վարչութեան Քաղաքական ու Կրօնական ժողովները: Անոնք, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, թեմին դիմաց ծառայական նոր շրջան բացուող ներկայ փուլին վեհափառ հայրապետին այցելեցին` լսելու կաթողիկոսին թելադրանքը:
Վեհափառ հայրապետը ողջունելով նոր Առաջնորդին ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ զայն կանխող Ազգային վարչութեան Քաղաքական ու Կրօնական նոր ժողովներու ընտրութիւնը, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ թեմը վերակազմակերպումի ենթարկելու հրամայականին: Ան յիշեցուց, որ վերջին Ազգային ընդհանուր ժողովին այս մասին կարեւոր անդրադարձ կատարուած էր թէ՛ իր հայրապետական պատգամին, եւ թէ՛ ժողովի որոշումներուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ իւրաքանչիւր թեմ ունի իր իւրայատուկ միջավայրը, ներքին դրուածքը եւ մտահոգութիւնները, հետեւաբար համապատասխան մօտեցում պէտք է ունենալ: Խօսելով Լիբանանի թեմին մասին` Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդգծեց կրթական կեանքին, ծուխերու վերակազմակերպման, քահանայից պատրաստութեան, համայնքային կառոյցները ինքնաբաւ դարձնելու ձգտող ծրագիրներուն եւ ընդհանրապէս եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ կաթողիկոսարանը իր մարդուժի եւ այլ կարելիութիւններու ճամբով միշտ պատրաստ է օգտակար հանդիսանալու թեմի աշխատանքներուն:
Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ թեմին եւ ընդհանրապէս Լիբանանի հայութեան առնչուած կարիքներուն, մտահոգութիւններուն ու ծրագիրներուն մասին քննարկումներ կատարելու: