Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը ուրբաթ, 24 յուլիս 2020-ի երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ փոխանցուած եռանուն նախընտրական ցանկէն թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ թեմակալ առաջնորդ:
Երեսփոխանական ժողովի դիւանը տեղեակ պահելով վեհափառ հայրապետը ընտրութեան արդիւնքին մասին` հայցեց անոր վաւերացումը: Հայրապետը վաւերացուց յիշեալ ընտրութիւնը եւ այս առիթով նորընտիր առաջնորդին շնորհեց արքութեան տիտղոս:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը նաեւ վաւերացուց Լիբանանի թեմի նորընտիր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները: