Չորեքշաբթի, 23 փետրուար 2022-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները նշեցին հայ ժողովուրդի ազգային ինքնաճանաչման եւ ազգային հպարտութեան տօնը` Վարդանանց հերոսամարտը:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Թ. դասարանէն Տեսիլ Այվազեան, որ ընդգծեց մեր պատմութեան մէջ կարեւորութիւնն ու արժէքը Աւարայրի ճակատամարտին եւ անոր հերոսներուն: Ան դիտել տուաւ, որ Վարդանանց պատերազմը սոսկ ռազմական գործողութիւն մը չէր, այլ հա՛յ մնալու, քրիստոնեա՛յ մնալու, հայրենի՛ք ունենալու, հայօրէ՛ն ապրելու եւ գոյատեւելու հաւատքով մղուած մեր առաջի՛ն ու վճռակա՛ն պատերազմը, որ իր օրինակով կերտեց այլ յաղթանակներ` Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ: Խօսքի աւարտին, ան կոչ ուղղեց իր դասընկերներուն, որ Վարդանի անընկճելի կամքով ու հաւատքով պիտի ազատագրենք Արցախը եւ պիտի իրականացնենք Ամբողջական Հայաստանի դարաւոր երազը:
Գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Է. դասարանի կատարողութեամբ` թատերական ներկայացում մը, ուր աշակերտներ արտայայտեցին իրենց սէրը մայրենի լեզուին եւ հայոց պատմութեան նկատմամբ, յատկապէս հայոց պատմութեան դրուագներէն` Վարդանանց պատերազմին եւ ուխտեցին անոնց կտակին հաւատարիմ ժառանգորդները դառնալ: Թատրոնի ընթացքին աշակերտները ոչ միայն կատարելապէս կատարեցին իրենց դերերը, այլ նաեւ ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն` «Խորհուրդ Վարդանանց»-ը եւ խմբերգ` «Իմ հայրենեաց»-ը, ինչպէս նաեւ Հրակ Պալեան նուագեց «Հիմի էլ լռենք»-ը:
Թատերական ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ նախակրթարանի Դ. Ե. եւ Զ. դասարանները, որոնք Վարդանաշունչ ասմունքներով ու երգերով ճոխացուցին յայտագիրը: Այսպէս, Դ. դասարանի աշակերտները խաչով ու սուրով ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն մը` «Վարդան», ապա` յաջորդաբար, Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտները հանդէս եկան «Հայրենասիրական» եւ «Վարդանանք» խմբային ասմունքներով: Ապա` անոնք ներկայացուցին «Քաջ Վարդան» խմբերգը:
Թատերական ներկայացումէն ետք, Ը. կարգի աշակերտները տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուցին Աւարայրի հերոսամարտին պատմականը:
Յայտագիրի աւարտին, աշակերտութեան անունով խօսք առաւ ԺԲ. դասարանէն Յովիկ Պետրոսեան, որ Վարդանանց պատերազմը ներկայացուց վերլուծողական մօտեցումով եւ տարբեր տեսանկիւններէ` հերոսական, հոգեւոր եւ հոգեբանական: Ան անդրադարձաւ ազգ, եկեղեցի, հայրենիք անքակտելի կապին ու Մամիկոնեան տոհմի ազգային ու հոգեւոր դաստիարակութեան` շեշտելով հայ ընտանիքին ու հայ դպրոցին դերը մեր ազգային կեանքին մէջ:
Օրուան խորհուրդն ու պատգամը փոխանցեց վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեան: Ան ըսաւ, որ մեր կեանքին մէջ ամէն օր ճակատամարտ ունինք մղելիք` անհատական թէ հաւաքական իմաստով: Վարդանանց ճակատամարտ`ընդդէմ անարդարութեան, Վարդանանց ճակատամարտ` ընդդէմ օտարամոլութեան, Վարդանանց`ընդդէմ սուտին ու կեղծիքին, Վարդանանց` ընդդէմ համաշխարհայնացման: Ան ընդգծեց, որ այս ձեռնարկը սոսկ Վարդանանց տօնը կամ անոնց յիշատակը նշելու համար չէ , այլ ազգային ոգիով խմորուելու ու նորօրեայ «վարդան»-ներ կերտելու առիթ մը, որովհետեւ տակաւին «վասակներ»-ն ու «յազկերտներ»-ը առկայ են մեր կեանքին մէջ: Ըստ անոր, Վարդանանցը հայուն համար առօրեայ ապրում եւ առօրեայ պահանջք պէտք է դառնայ:
Եզրափակելով իր խօսքը` Գրիգոր Էքմէքճեան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` հպարտ ըլլալու իրենց ինքնութեամբ ու ազգային արժէքներով եւ տէր կանգնելու իրենց պատմութեան ու մայրենի լեզուին:
Չորեքշաբթի, 2 մարտ 2022-ին տեղի ունեցաւ Արցախեան ձեռնարկը Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ:
Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա ԺԲ. դասարանէն Աւօ Խշուաճեան կատարեց բացման խօսքը, մէջբերելով յեղափոխականի մը նշանաւոր խօսքը` դիտել տալով, որ պայքարէն կը ծնի հերոսը, պայքարը կը կերտէ յաղթանակի պատմութիւն եւ պայքարը կ’իմաստաւորուի իմացեալ մահով: Ան նշեց, որ 1988 փետրուարին, մեր մելիքներու Ղարաբաղը մղեց այսպիսի պայքար, մեր հայապատկան հողերը պահանջելու եւ մեր ոտնակոխուած արժանապատուութիւնը վերականգնելու: Ան նաեւ անդրադարձաւ նաեւ 2016-ի քառօրեայ եւ 2020-ի 44 օրեայ զոյգ պատերազմներուն` արժեւորելով զանոնք իրենց քաղաքական տարազին մէջ: Խօսքի աւարտին ան աշակերտութեան անունով ուխտեց հաւատարիմ մնալ մեր հերոսներու կտակին, որ է` շարունակել ու ընդարձակել մեր պայքարը ամէն գետնի վրայ. գրչի թէ զէնքի, ընկերային ցանցի թէ մարտադաշտի, մինչեւ որ տուն բերենք Շուշին ու Ս. Ղազանչեցոցը, մինչեւ որ ազատագրենք Արցախի բռնագրաւուած հողերը:
Բացման խօսքէն ետք աւարտական դասարանը ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր «Մեր պայքարը կը շարունակուի» խորագիրով կենդանի պատկեր մը, ուր խորհրդանշական եւ զգայացունց պատկերներով ներկայացուեցաւ Արցախի պատմութիւնը 1923-էն մինչեւ օրս, ուր շեշտը դրուեցաւ 1988-ի ազատագրական պայքարին ու անոր ձեռք բերած յաղթանակին, 2016-ի քառօրեայ պատերազմին ու անոր ցուցաբերած վճռակամութեան եւ վերջապէս 27 սեպտեմբեր 2020-ի պատերազմին ու անոր պատճառած մարդկային, հողային թէ նիւթական կորուստներուն վրայ:
Աւարտական դասարանի աշակերտները նաեւ հանդէս եկան ասմունքներով, պարերով ու երգով: Այսպէս, Իզապէլ Խաչատրեան ասմունքեց Վազգէն Օվեանի «Արցախական» շարքէն` «Նկարեցի լեռներ» բանաստեղծութիւնը եւ հանդէս եկաւ մենապարով մը: Սիլվի Թաթոյեան տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց «Եռաբլուր» բանաստեղծութիւնը: Հերմիկ Աբրահամեան եւ Յովիկ Պետրոսեան երգեցին «Հրաժեշտ սիրելեաց»-ը` դարձեալ տեսերիզի ցուցադրութեամբ: Մէրի Խոխաքլեան եւ Իզապէլ Խաչատրեան «Շորորա» եւ «Կանչում եմ» համադրուած երգերուն վրայ ներկայացուցին հայկական գեղեցիկ պար մը: Կենդանի պատկերին վերջին բաժինը ամէնէն գօտեպնդիչ ու տպաւորիչ բաժինն էր, երբ զինուորական տարազներով աշակերտներ բեմ բարձրացան եւ վերականգնեցին «քանդուած ու անշնչացած Արցախը», որ մօր պատկերով ներկայացուած էր. ապա, հերթաբար, անոնց միացան պայքարի նոր ուխտեալները, որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ բարձր բռնած էին Պետոյի, Բեկորի, Վիգէն Զաքարեանի, Մհեր Ջուլհաճեանի, Թաթուլ Կրպէեանի, Կարօտի անունները` հայկական դրօշներով, սուրերով ու զէնքերով: Արցախի դրօշը իրենց ձեռքին` բոլոր աշակերտները միաբերան ուխտեցին, որ այսօր եւ ընդմիշտ հայուն պայքարը կը շարունակուի:
Կենդանի պատկերը իւրայատուկ էր նաեւ այդ իմաստով, որ բեմին մէկ անկիւնը յատկացուած էր հայկական արուեստին, ուր աւարտական դասարանէն երկու տաղանդաւոր աշակերտուհիներ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին իրենց ոճով: Այսպէս, Հուրի Օհանեան եւ Նանոր Գոճայեան կենդանի պատկերին ներկայացման ընթացքին գծեցին ամբողջական Արցախի քարտէսը եւ գունաւորեցին զայն`անոր վրայ զետեղելով քաղաքներուն անունները:
Օրուան բանախօսն էր քաղաքական վերլուծութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու մասնագէտ Եղիա Թաշճեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ Արցախը հիմնական երեք բնագաւառներու մէջ` պատմական, իրաւական եւ ռազմավարական: Ան մասնաւորաբար շեշտեց Արցախի գոյութեան կարեւորութիւնը մեր հայրենիքին ապահովութեան համար եւ պատմական փաստացի տուեալներով հաստատեց ամբողջ Արցախին անվիճելիօրէն հայկական տարածք ըլլալը: Եղիա Թաշճեան աւելցուց, որ այսօր աշակերտութեան դերը ոչ թէ պատերազմական ռազմաճակատի վրայ զինուոր դառնալ է, այլ կատարելապէս քաջածանօթ ըլլալ Արցախի պատմութեան ու անոր դարաւոր արժէքներուն: Աւելի՛ն.ամրապնդուիլ այնպիսի անհրաժեշտ գիտելիքներով, որպէսզի առաւել յանձնառութեամբ իրագործենք մեր նահատակ հերոսներուն կտակը ու հասնինք արդարութեան:
Յայտագիրի փակման խօսքը արտասանեց վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեան, որ կամուրջ մը ստեղծեց Վարդանանց հերոսամարտէն մինչեւ Արցախի ազատագրական պայքարը եւ շեշտեց, որ պայքար մղող ժողովուրդն է, որ կը գոյատեւէ ու կը տիրանայ իր իրաւունքներուն: Ան թելադրեց, որ պայքար մղելու պատրաստակամութիւնը միշտ վառ մնայ մեր մէջ` հաստատելով, որ հայուն չի վայելեր պարտուողական ոգին ու յուսահատութիւնը : Վերջապէս, ան իր խօսքը փակեց ըսելով. «Սիրելի՛ աշակերտներ, ձեզմո՛վ պիտի շարունակուի մեր պայքարը»:
Աշակերտները մեկնեցան ազգային ոգիով ու շունչով լիցքաւորուած, բայց մանաւանդ այն հաւատքով, որ մեր յարատեւ պայքարով պիտի իրականացնենք ամբողջական Արցախի կերտման ու ամբողջական Հայաստանի իրականացման դարաւոր երազը: