Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հիւրընկալեց Քահանայ Հայրերն Ու Երէցկիները

Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի արժանաշնորհ քահանայ հայրերուն եւ առաքինազարդ երէցկիներուն հետ:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը գնահատեց քահանաներուն եւ երէցկիներուն եկեղեցանուէր ծառայութիւնը` զանոնք բնորոշելով որպէս առաքելակից: «Իւրաքանչիւր ծուխ իր պայմաններուն համեմատ առանձնայատկութիւններ ունի. սակայն, բոլորս միասին կը կազմենք Քրիստոսի եկեղեցին, որ մեր պարագային հայ ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ու ազգային տունն է: Ինչ որ կը կատարենք որպէս հոգեւորական, ապրումով ու նուիրումով պիտի կատարենք, որովհետեւ գործի մը չենք լծուած, այլ` հաւաքական աղօթական կեանքի որպէս հովիւները մեր բանաւոր հօտին», եզրակացուց Առաջնորդ Հայրը:

Ապա տեղի ունեցաւ հովուական կեանքի առաւել ծաւալման նուիրուած սրտբաց զրոյց եւ միտքերու փոխանակում:

Յայտնենք, որ հանդիպման սկիզբը Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան ներկայացուց ծխական մակարդակի վրայ գործակցութեան ծրագիր մը` յօգուտ մեր ժողովուրդի բժշկական եւ ընկերային բարօրութեան: