Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան

Լիբանանահայ կառոյցներու ծանօթացման աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան, ուր դիմաւորուեցաւ կառոյցի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան կողմէ:

Առաջնորդ Սրբազանը շրջագայելով կեդրոնին մէջ, մօտէն ծանօթացաւ բուժարանի բաժանմունքներուն եւ աշխատանքներուն: Ապա Առաջնորդ Սրբազանը կեդրոնի սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ մամիկներուն ու պապիկներուն հետ, որոնք ներկայացուցին կոկիկ եւ ոգեւորիչ գեղարուեստական յայտագիր մը: Այս առիթով Սրբազանը շեշտեց, որ Ազգային բուժարանին գլխաւոր իւրայատկութիւնը ընտանեկան մթնոլորտն է, ուր տան անդամները կը զգան հարազատութիւնը եւ ջերմութիւնը: Աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը պահպանիչով օրհնեց ներկաները, ապա սենեակներուն մէջ գտնուող անհատներուն այցելելով դարձեալ իր օրհնութիւնը տուաւ:

Այցելութեան աւարտին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս հանդիպում մը ունեցաւ բուժարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան հետ տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ, ուր կառոյցի տնօրէն Տիգրան Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, որ ողջունեց անձնակազմին նուիրական եւ գնահատանքի արժանի գործը: