Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Մօտէն Ծանօթացաւ Զահլէի, Ռայաքի, Ժալալայի Եւ Այնճարի Հոգեւոր Եւ Կրթական Կառոյցներուն

Հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի հասաւ Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան եւ առաջնորդարանի ներկայացուցիչներուն: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած «Կանոնական աղօթք»-էն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ ծուխի հովիւին, թաղականութեան եւ Ազգային երեսփոխանին հետ: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Զահլէն աշխարհագրականօրէն հեռու ըլլալով հանդերձ կը մնայ Ազգային իշխանութիւններու մտահոգութիւններուն առանցքը, որովհետեւ շրջանը կարիքը ունի վերելքի եւ երիտասարդականացման:

Ապա Սրբազան Հայրը այցելեց Զահլէի գերեզմանատունը, որմէ ետք ուղղուեցաւ Ռայաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր ծանօթացաւ շրջանի եկեղեցւոյ խնամակալութիւնը ստանձնած անհատներուն:

Սրբազան Հօր այցելութեան յաջորդ վայրը Շթորան էր, ուր Ժալալայի Ս. մատրան մէջ Ներսէս Ա. քհնյ. Ճերմակեանի եւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ կարճ Ժամերգութիւն մը: Սրբազանը նաեւ այցելեց Ժալալայի Ազգային գերեզմանատունը:

Միօրեայ այցելութիւններու վերջին կայանը Այնճարն էր: Սրբազանը Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ «Կանոնական աղօթք» կատարեց, ապա թաղականութեան գրասենեակին մէջ դիմաւորուեցաւ Այնճարի քաղաքապետին, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, քահանայ հօր, թաղականութեան ու տիկնանցի անդամներուն, ինչպէս նաեւ «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանի տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ անձնակազմին կողմէ: Հանդիպման ընթացքին Սրբազանը նշեց, որ այս հանդիպումները կը միտին ըմբռնել միջավայրին դժուարութիւնները, ուրախանալ արձանագրուած իրագործումներով եւ փորձել կարելին ի գործ դնել մեր հաւաքական առաքելութեան յաջողութեան համար: Այս առիթով, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան հաստատեց, որ գիւղին միակամութիւնը եւ դիմագիծը պահպանելը գլխաւոր գրաւականն է, որուն իրականացման համար իւրաքանչիւր անհատ եւ կառոյց ունի իր պարտականութիւնը, եւ այս շրջագիծին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցելութիւնը մեծապէս կը նպաստէ նշեալ գրաւականի յաջողութեան:

Սրբազան Հայրը «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանին մէջ նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ: Տնօրէն Արմէն Թաշճեան ամփոփ կերպով ներկայացուց վարժարանին գործունէութիւնը եւ վերամուտի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը: Գնահատելով վարժարանի գործունէութիւնն ու յաջողութիւնները` Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ եկեղեցին, դպրոցները, ակումբները եւ ազգային կառոյցները մաս կը կազմեն մէկ առաքելութեան` ծառայել եկեղեցիին, ազգին եւ հայրենիքին: