Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոն

Ուրբաթ, 12 նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոն եւ դիմաւորուեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտներուն կողմէ, կատարուեցաւ աղուհացի օրհնութիւն:

Առաջնորդը  դիմաւորեցին նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անդամներ եւ տնօրէնը: Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը ներկայացուց հայերէն, իտալերէն, արաբերէն եւ անգլերէն փունջ մը երգեր:

Սրբազան հայրը շրջագայեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ, այցելեց «Կարկաչ»-ի եւ «Գուսան»-ի, «Թորոս Ռոսլին»-ի յարկերը, ինչպէս նաեւ «Քնար»-ի եւ «Գայեանէ»-ի նորակառոյց «Աբրահամ եւ Վերժին Ղօջախեան» սրահը, ծանօթացաւ Համազգայինի բազմաբնոյթ աշխատանքներուն, յատկապէս «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի առօրեային: