Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան Կոչ Ուղղեց, Որ Աւարայրի Ճակատամարտի Օրինակով Իւրաքանչիւր Հայ Իր Ինքնութեան Եւ Հաւատքին Պահպանութեան Համար Ամէն Ճիգ Թափէ

Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի 27 փետրուարին սուրբ եւ անմահ պատարագով նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ հաւաքուած ենք անդրադառնալու 5-րդ դարուն տեղի ունեցած Վարդանանց հերոսամարտին, որ հաւատքի եւ հայրենիքի համար մղուած ճակատամարտ մըն էր, որպէսզի մեր ժողովուրդը իր խղճմտանքով, ազատօրէն եւ ինքնակամ կերպով կարողանայ շարունակել իր կեանքը, աւելցնելով, որ անկասկած կը վերյիշենք պատմութեան դէպքերը, երբ մենք մեր տուներուն, դպրոցներուն եւ մեր համայնական պայմաններուն մէջ սորված ենք, թէ 451 թուականին պարսից Յազկերտ Բ. թագաւորը ուզեց վերջնականապէս Հայաստանը կրօնափոխ ընել, եւ այդ դառն ժամանակներուն հայ ժողովուրդի իշխանաւորներն ու հոգեւորականները, ապաւինելով մեր ազգի գիտակից հասկացողութեան, մերժեցին հզօր Պարսկաստանի կողմէ առաջարկուած պայմանը եւ վճռեցին մարտի դաշտին վրայ ազատօրէն արտայայտել իրենց գիտակից կեցուածքը, եւ Վարդան Մամիկոնեան զօրավարի առաջնորդութեամբ բուռ մը հայորդիներ կուրծք տուին Հայաստան ներխուժող պարսից բանակին եւ այնտեղ քաջաբար մարտնչելով` մեր ժողովուրդին գիտակից կեցուածքը արտայայտեցին: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ մարտի ընթացքին նահատակուեցաւ հայոց բանակի հրամանատար Վարդան Մամիկոնեան, ինկան նաեւ քաջարի զօրականներ, սակայն ձախողեցաւ պարսկական դաւադիր ծրագիրը, աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդը իր ուժերը վերագտնելով` շարունակեց իր պայքարը մինչեւ 482 թուական, երբ վերստին ձեռք ձգեց ազատօրէն ապրելու իր իրաւունքը եւ այդպիսով վրէժը լուծեց Վարդանանց հերոսամարտին:

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ըսաւ, որ Վարդանանց պատմութիւնը մեզ կը հրաւիրէ ինքնագիտակցութեան եւ մեզի կը յիշեցնէ, որ այս առիթը ոչ թէ անցեալը վերյիշելու հասկացողութեամբ մեր եկեղեցւոյ կողմէ մեր ուշադրութեան կը յանձնուի, այլ` այսօրուան մեր վիճակին համար, նաեւ մեր ժողովուրդի ապագային վերաբերող առիթն է: «Մեզի համար նուիրական պարտականութիւն է յիշել մեր ազգին մեծերը, մասնաւորաբար` յիշել անոնք,  որոնք ոչինչ խնայած են, որպէսզի մեր ժողովուրդը ապրի, նաեւ` իրենց հոգին ապրեցնել մեր այսօրուան կեանքի իրականութեան մէջ մեր քրիստոնէական հաւատքին»,  շեշտեց Սրբազան Հայրը` հարց տալով, թէ մենք ի՞նչ կ՛ընենք մեր նուիրական սրբութիւններուն պահպանութեան համար, նաեւ ի՞նչ կ՛ընենք, որպէսզի մեզմով հայութեան կեանքը յարատեւէ, հայրենիքը գոյատեւէ, եւ մեր ազգութիւնը բարձունքի վրայ պահէ իր վիճակը: Սրբազանը հաստատեց, որ սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ մեր բարքերն ու սովորութիւնները տարուէ տարի կը նօսրանան, եւ մեր յիշողութենէն կ՛անհետանան շատ մը նուիրական յուշեր, որոնց յենելով` մինչեւ այսօր մեր ժողովուրդը հաւատարմօրէն պահեց իր ինքնութիւնը հաւատքով, գիտակցութեամբ, նուիրումով, հարց տալով, թէ ներկայ համաշխարհայնացման պայմաններու մէջ ի՞նչ հոգիով մենք պիտի յաջողինք միեւնոյն վիճակով շարունակել մեր կեանքը, հաստատելով, որ հաւատքի եւ հայրենիքի գիտակցութեամբ մեր ուշքը լուսաւորելով, մեր հոգին ամրացնելով, մեր կամքը փրկելով` կը յաջողինք մենք զմեզ պահել: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ տեսակաւոր դժուարութիւններ, եւ մեր ժողովուրդը տեսակաւոր վերիվայրումներու մէջէն կ՛անցնի, սակայն հաւատքով եւ հայրենիքի սիրով միայն մենք կրնանք յարատեւել ու հայօրէն մեր կեանքը շարունակել:

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան կոչ ուղղեց` զգաստանալու գիտակցօրէն պահելով այն սրբութիւնները,  որոնք ժառանգած ենք մեր նախորդ սերունդին կողմէ, եւ մեր կեանքը ապրինք մեր եկեղեցիներէն ու կառոյցներէն ներս` իրարու զօրավիգ կանգնելով եւ նեցուկ ըլլալով, եւ պայքարը շարունակենք, որպէսզի արժանի ըլլանք մեր սուրբերուն շունչին եւ օրհնութեան, արժանի ըլլանք Աստուծոյ աջակցութեան, նաեւ արժանի ըլլանք այն հայրենիքին, որ տեսակաւոր տագնապներու բովէն անցնելով հանդերձ, իր քաջ զաւակներուն արեան հեղումով իր բոլոր անկումներէն յաջողած է վեր բարձրանալ եւ վերստին ծաղկիլ ու պտղաբերիլ: Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ Վարդանանք այս սրբազան հրաւէրը կ՛ուղղեն մեր ժողովուրդի բոլոր գիտակից զաւակներուն` բոլորին յիշեցնելով, որ ամէն մարդ Աւարայրի ճակատամարտի օրինակով իր առօրեային մէջ իր ինքնութեան եւ հաւատքին պահպանութեան համար պէտք է ամէն ճիգ թափէ մասնաւորաբար նոր սերունդի նկարագիրը պահպանելու համար, այլ  խօսքով, մեր զաւակները Հայաստանի համար պատրաստելու գիտակցութեամբ ամէն զոհողութիւն յանձն առնէ եւ իր պարտականութիւնները գիտակցօրէն կատարէ, որպէսզի ազգ ու եկեղեցի շարունակեն ապրիլ եւ գործել` պաշտպանելով մեր բարոյական վիճակն ու ազգային ինքնութիւնը` ի խնդիր մեր լինելութեան:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: