Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

 

Հինգշաբթի, 19 յուլիսի առաւօտուն Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանն ու  Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանը այցելեցին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, ուր դիմաւորուեցան քոլեճի խնամակալութեան, տնօրէն խորհուրդին եւ անձնակազմին կողմէ:

Վարժարանի սրահին մէջ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան` հաստատելով իր ու Ազգային վարչութեան զօրակցութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին` միասնակամութեամբ սատարելու քոլեճի վերելքին, մաղթելով հեզասահ եւ յաջող կրթական տարեշրջան մը:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանը եւս հաստատեց, որ Ազգային վարչութիւնը նեցուկ կը կանգնի դպրոցին, եւ մաղթեց, որ անձնակազմի միասնական աշխատանքով քոլեճը ունենայ նորանոր վերելք:

Հանդիպման աւարտին հիւրերը այցելեցին մանկապարտէզ, հանդիպում ունեցան ամառնային դպրոցի աշակերտներուն հետ եւ ծանօթացան աշխատանքներուն: