Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներու շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Չիլինկիրեան» սրահին մէջ: Օրուան զեկուցաբերն էր Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան, իսկ դասախօսութեան նիւթն էր` «Նոր Տարին առիթ վերանորոգուելու»:
Արդարեւ, հայր սուրբը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սէր բառի նշանակութեան եւ բացատրեց, որ սէր չի նշանակեր միայն երկու զոյգերու խոստացած սէրը, այլ ընտանիք չքանդել սէր կը նշանակէ, ընկերութիւն շինել սէր կը նշանակէ, ընկերային ծառայութիւնը սէր կը նշանակէ: Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան նկատել տուաւ, որ եթէ անձ մը իր մէջ Աստուած չունի, նաեւ հոգեւոր կեանք չունի, ի՛նչ ալ ունենայ, պակաս բան մը կը զգայ իր մէջ, որովհետեւ իսկական հանգստութիւնը եւ երջանկութիւնը նիւթականը, գործը չեն, այլ` Աստուծոյ ներկայութիւնն է, աւելցնելով, որ պէտք է սիրել, ներել, հաւատարիմ ըլլալ եւ Աստուած ունենալ մեր մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ մենք երբեմն կ՛ունենանք գէշ զգացումներ, նաեւ` նեղութիւններ, հաւատքի խախտում, աղօթքի մէջ պաղութիւն, չսիրելու եւ չներելու զգացումներ, որոնք չենք արտայայտեր եւ մեր մէջ կը նետենք, «մեր սենեակին» մէջ կը նետենք, եւ այդ սենեակը մեր սիրտն է, որ կոչեց մսուր եւ ըսաւ, որ Յիսուս պիտի ծնի մեր սրտերուն մէջ: Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան ըսաւ, որ այդ մսուրը մենք այսօր միասնաբար պիտի վերանորոգենք ու մաքրենք, եւ բացատրեց ներկաներուն, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի նախօրեակին պէտք է փոխենք մեր ինքնութիւնը, ապրելակերպը, վերաբերմուքը, նաեւ մաքրենք մեր հոգին, աղօթենք աշխարհին եւ մարդկութեան համար, նաեւ աղօթենք, որ զօրանանք մեր հաւատքին մէջ: