Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն:
Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ‚ որ Դռնբացէքի արարողութիւնը իւրայատուկ է մեր եկեղեցւոյ համար եւ բացատրեց‚ որ այս արարողութեան ընդմէջէն կը զգանք եւ կը յիշենք‚ թէ ողորմած է մեր Տէրը` Աստուած: Սրբազանը յայտնեց‚ որ նախամարդուն գործած մեղքին պատճառով Ադամն ու Եւան դրախտէն դուրս վտարուեցան, եւ անոնց դիմաց փակուեցաւ Աստուծոյ ողորմածութեան գութը‚ սակայն ըստ մեր քրիստոնէական հաւատքին, Աստուած կը մնայ մեր ողորմած Հայրը, եւ անոնք‚ որոնք իրենց կեանքի ձգտումով երկինքին կը նային եւ կ՛ապաւինին այդ ողորմածութեան, անպայմանօրէն Աստուած անոնց դիմաց կը բանայ իր հրաշալիքներուն դռները‚ որովհետեւ ինք ողորմած Հայրն է:
«Ճշմարիտ է‚ որ բոլորիս համար երկինքը կը մնայ անմատչելի բարձունք‚ սակայն երբ քրիստոնեան երկինքին կը նայի պէտք է տարբեր ձեւով ազդուի եւ երկինքէն լոյս քաղելով` այդ լոյսը փորձէ տարածել իր շրջապատին մէջ‚ որպէսզի ինք եւ իր նմանները այդ լոյսի առաջնորդութեամբ ընթանան», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` նկատել տալով‚ որ կեանքին մէջ անկասկած բոլորս ալ յենարանի պէտք ունինք, եւ քրիստոնեային յենարանը կը մնայ ողորմած Աստուած, իսկ երբ մենք տեսակաւոր մեր կարիքներուն մէջ մեր սրտին իղձը Անոր կը յայտնենք, կ՛ակնկալենք‚ որ Ինք հայրաբար լսէ մեզ‚ ամոքէ մեր ցաւերը‚ խաղաղեցնէ մեր վրդոված սրտերը եւ պարգեւէ մեզի բարիք‚ որպէսզի կարենանք յարատեւել մեր առօրեային մէջ: Սրբազան Հայրը բացատրեց‚ թէ որպէսզի արժանանանք Աստուծոյ ողորմածութեան‚ նաեւ մենք ողորմած պէտք է ըլլանք եւ պէտք է մեր շրջապատին մէջ նշմարենք մարդոց կարիքները‚ Աստուծոյ աչքով դիտենք ընկերութիւնը եւ այնտեղ նշմարենք մեր պարտականութիւններուն բաժինը‚ այն ատեն Աստուած կ՛ըլլայ մեզի համար ողորմած Հայր‚ կը սփոփէ‚ կը խաղաղեցնէ մեզ‚ կ՛ամոքէ մեր ցաւերը եւ մեր դիմաց կը բանայ յոյսի եւ լոյսի առաւօտներ:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը ըսաւ‚ թէ այս արարողութիւնը նաեւ մեզի կը յուշէ‚ թէ նոյնիսկ մեղքի գիրքին մէջ թաղուած արարածը‚ այն անձնաւորութիւնը‚ որ իր արարքներով բարոյապէս խորտակած է իր կեանքը` Աստուծոյ ողորմածութեան վերադառնալով կրնայ հասնիլ անոր անմահական կեանքի շարունակութեան‚ որովհետեւ մեր Աստուածը ողորմած Հայր է, հետեւաբար Իրեն դարձող Իր որդիները անպայմանօրէն կ՛արժանանան Իր գութին եւ ողորմածութեան: