Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Երաժշտական Բարձր Մակարդակի Ձեռնարկով Ազգային Միացեալ Վարժարանի «Ժիրայր Եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» Սրահի Բացում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ Ցոլինէ Խաչատուրեանի, կիրակի, 25 մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու շրջանաւարտներու կատարողութեամբ երաժշտական բարձր մակարդակի երեկոյ մը, որ նաեւ սրահին մէջ կազմակերպուած անդրանիկ ձեռնարկն էր:

Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական համակարգող Գրիգոր Էքմեքճեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ հայ դպրոցի գոյութեան ու յարատեւութեան կարեւոր ուժերէն եւ լծակներէն մէկը կը հանդիսանայ հայ շրջանաւարտը, որ լաւագոյն ներկայացուցիչը եւ դեսպանն է հայ դպրոցին, որովհետեւ ինք պատկերն է երկար տարիներու դաստիարակութեան, որ ստացաւ հայեցի շունչին եւ կրթութեան հետ, որոնցմով սնանեցաւ երկար տարիներ շարունակ: Ան ըսաւ, թէ ազգային տարբեր վարժարաններէ շրջանաւարտներ կը վերադառնան իրենց տունը` Ազգային միացեալ վարժարան, որ իր յարկին տակ մէկտեղած եւ համախմբած է հայ աշակերտը, հայ ուսուցիչը, հայ դաստիարակը: «Անոնք իրենց ասպարէզներուն մէջ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրած եւ միջազգային ու օտար բեմերու վրայ հայ ազգին անունը եւ պատիւը բարձր պահած կը վերադառնան վերստեղծելու ամուր կապը` հայ դպրոցին եւ շրջանաւարտին միջեւ», հաստատեց Գ. Էքմեքճեան` աւելցնելով, որ իրենց ուրախութիւնը կրկնապատկուած է, որովհետեւ սոյն երեկոն սրահին անդրանիկ ձեռնարկն է, որով պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարուի Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան ընտանիքին բարերարութեամբ կառուցուած սոյն սրահը:

Այնուհետեւ Ազգային վարժարաններէ հինգ շրջանաւարտներ ներկայացուցին բարձրորակ երաժշտական երեկոյ մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ:

Արդ, Շողիկ Թորոսեան (երգ) մեկնաբանեց Առնօ Բաբաջանեանի` «Վոգալիզ»-ը, Համբարձում Պէրպէրեանի` «Անոր»-ը, Կոմիտասի` «Հայաստան»-ը, Զաքար Քէշիշեան (շուի) մեկնաբանեց Գէորգ Մանասեանի` «Էրզրումի շորոր»-ը, Սայաթ Նովայի` «Բլբուլի հիտ»-ը եւ «Քամանչա»-ն, Խաչատուր Աւետիսեանի` «Յուշեր»-ը եւ «Մախմուր աղջիկ»-ը, Թամար Իսկէնեան (սրինգ) մեկնաբանեց հայկական ժողովրդական «Հովիւի կանչ»-ը, Ժոզեֆ Պոտին Տը Պուամորթիէի` «Պարոք պարաշար»-ը, Արամ Խաչատուրեանի` «Օրօր»-ը, Թորու Թաքեմիցուի` «Ձայնը», Ռիմսքի Քորսաքովի` «Իշամեղուի թռիչքը», Նայիրի Ղազարեան (թաւջութակ) մեկնաբանեց Կոմիտասի` «Հով արէք»-ը եւ «Կռունկ»-ը, Գէորգ Ադամեանի` «Արտաշատի պար»-ը, Մարի Աւետիս Եսայեան (դաշնակ) մեկնաբանեց Կոմիտաս-Բալասանեանի «Ծիրանի ծառ»-ը, «Հա տուէք»-ը, «Ես քեզ տեսայ»-ն, «Չինար ես»-ը, Գեղունի Չթչեանի` «Սայաթ Նովայի թեմայով»-ը, Ալեքսանտր Դոլուխանեան-Սայաթ Նովայի «Յիս քու ղիմեթն չիմ գիտի»-ն: Զաքար Քէշիշեան եւ Թամար Իսկէնեան միասին մեկնաբանեցին Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ը, իսկ աւարտին բոլորը միասին մեկնաբանեցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Ով հայոց սարեր»-ը: Նշենք, որ Մարի Աւետիս Եսայեան երեկոյի ընթացքին բոլորին ընկերակցեցաւ դաշնակով:

Աւարտին, երաժշտական երեկոյի հինգ մասնակիցներուն անունով Զաքար Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ սրահի բացման հանդիսութեան համերգը վստահուած էր իրենց: Ան նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ անցեալի յուշեր վերակենդանացած էին իրենց մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ ուրբաթ, 23 մարտին, Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտներուն համար եւս տուած են համերգ մը:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ սովորական դասական երաժշտութեան պահ մը չապրեցանք, այլ` բոլորս վերադարձանք մեր դպրոցական օրերը եւ հպարտացանք հայ դպրոցով, ազգային վարժարանով: Այս ելոյթով հպարտ են շրջանաւարտներու ուսուցիչները, ծնողները եւ մենք բոլորս: Ան բարձր գնահատեց մասնակիցներուն կատարումները` հաստատելով, որ անոնք արդէն նուաճած են միջազգային բեմերու վրայ ելոյթ ունենալու ինքնավստահութիւն, ցուցաբերելով համապատասխան որակ: Հաւաթեան ըսաւ, որ այսօր երկու հանգամանքներ պատահական չէ, որ կը հանդիպին իրարու. ա) Երաժշտական երեկոյի մասնակիցները շրջանաւարտ են Ազգային Ս. Խանամիրեան եւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարաններու, որոնք միաւորուած են նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ, նաեւ  բոլորն ալ իրենց առաջին փուլի արուեստի ուսումը ստացած են Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ, բ) Միացեալ վարժարանի եւ Համազգայինի մշակութային կեանքին նոր կարելիութիւններ ստեղծող երկու կառոյցներու իրագործում: Համազգայինի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոն`  «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին մէջ, նաեւ Ազգային Միացեալ վարժարանի մէջ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահ: «Խաչատուրեան ընտանիքը, հանգուցեալ Ժիրայր Խաչատուրեանի օրով, այս դպրոցի շինութեան մէջ ունեցաւ հիմնական դերակատարութիւն: Անկէ ետք Հրայր Խաչատուրեանը թէ՛ կազմակերպչական, թէ՛  շինարարական աշխատանքներուն ուղղակիօրէն առնչուած, նաեւ իր եւ իր եղբայրներուն բարերարութեամբ շարունակեցին երթը, եւ վստահ ենք, որ երթը պիտի շարունակուի իրենց եւ իրենց զաւակներուն ճամբով», եզրափակեց Յակոբ Հաւաթեան:

Սրբազան Հայրը խօսք առնելով ըսաւ, թէ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ ըլլալը մեզի կը յիշեցնէ, թէ այս կառոյցը իրականացաւ, որպէսզի պատիւ ընծայենք հայ դպրոցին, որուն արդիւնքով ահաւասիկ տակաւին մեր միջավայրը կը մնայ ազգային նկարագիրով եւ ազգային շունչով: Ան հաստատեց, որ ներկայացուած երաժշտական երեկոյի մասնակիցները իրենց կատարումներով պատիւ ընծայեցին հայ դպրոցին` մաղթելով, որ իրենց օրինակը վարակիչ ըլլայ շատերուն համար, որպէսզի իրենց կարողականութեամբ ուրիշ հայորդիներ իրենց շնորհները ցուցաբերող նոր որակ եւ նոր արժէք հաստատեն մեր կեանքին մէջ, եւ եզրափակելով իր խօսքը բարձրօրէն գնահատեց կատարումները եւ սոյն մշակութային երեկոյթով բացուած յայտարարեց «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահը, որուն նպատակը միայն աշակերտական ելոյթներ ունենալ չէ, այլ նաեւ մշակութային այլազան ելոյթներով նոր արժէք հաստատել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը բեմ հրաւիրեց Խաչատուրեան ընտանիքը եւ կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի սրբատառ կոնդակը, ըստ որուն վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանով կը պարգեւատրէր Ցոլինէ Խաչատուրեանը եւ շքանշանը յանձնեց բարերարին:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ուղղեց Ցոլինէ Խաչատուրեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ մեծապէս գնահատելով ազգային ծառայութիւնը շքանշանի արժանացուցած էր զինք, Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին, որ իրերայաջորդ Ազգային վարչութիւններուն մշակած ծրագիրը երկար սպասումէ ետք իրականացուց: Ց. Խաչատուրեան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի մեծ իրագործումն էր Ազգային Միացեալ վարժարանը` աւելցնելով, որ նորահաս սերունդին համար ստեղծուած արժանավայել դպրոց մըն է, որ կ՛արդարացնէ նոր օրերու պահանջները: Ան գնահատեց սրահի բացման առիթով ներկայացուած երաժշտական համերգը եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերած արուեստագէտներուն: «Յաջող սկիզբ էր: Աւետող գալիք ձեռնարկներու, որոնք մեր ազգի զաւակներուն պիտի պարգեւեն մշակութային վայելք եւ հպարտութիւն» եզրափակեց Ցոլինէ Խաչատուրեան: