Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Երեսփոխան Յակոբ Թերզեանը Ազգային Միացեալ Վարժարան Այցելեց

Չորեքշաբթի, 28 նոյեմբեր 2018-ին Ազգային միացեալ վարժարան անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանը: Ան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախակրթարանի աշակերտներուն հետ:

Այցելութեան աւարտին ան իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնեց` այցելելով Ազգային միացեալ վարժարան: Ան կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք կարելիութիւնը եւ կարողութիւնը ունին մասնակցելու Ազգային առաջնորդարանի կողմէ «Սան որդեգրելու ֆոնտ»-ի ծրագիրին, որպէսզի միասնաբար կարելի ըլլայ մեր նոր սերունդին ջամբել ազգային դաստիարակութիւն եւ ապահովել փայլուն ապագայ: