Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ՕԳՆԱԿԱՆ-ԲՈՒԺՔՈՅՐԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ

Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Սէն Ժոզէֆ» Համալսարանի մասնագէտներու վերապատրաստութեան կեդրոնին, եւ գործակցաբար Ազգ. Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան բաժանմունքին, ուրբաթ, 26 նոյեմբեր 2021-ին, սկիզբ առաւ օգնական-բուժքոյրերու ծրագիրը: Նախապէս նշած ըլլալով, որ սոյն ծրագիրը կը բաղկանայ ուսուցման եւ աշխատանքային մարզէ ներս փորձառկումներ (Պուրճ Համուտի շրջանէն ներս գործող տարբեր բուժարաններէ ներս), ապա ուսուցման բաժինը սկիզբ առաւ ընկերային ծառայութեան բաժանմունքէն ներս, որ կը գործէ նախկին Քառասնից Մանկանց վարժարանի երրորդ յարկի դասախօսական սրահէն ներս:
Այս հանդիպումին ներկայ էին «Սէն Ժոզէֆ» Համալսարանի կողմէ երեք դասախօսներ՝ Դոկտ. Ժիզէլ Հաժալ, Դոկտ. Մարիանա Ըլ Խուրի եւ Դոկտ. Հիլտա Պայրամեան, որ ուղղակի կապն էր համալսարանին, մասնակիցներուն եւ ընկերային բաժանմունքին միջեւ, իսկ ընկերային բաժանմունքին կողմէ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ ընկերային յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ յանձնախումբի ատենապետուհի Յասմիկ Նանէճեան-Պզտիկեանը:
Ողջոյնի խօսք առաւ Դոկտ. Պայրամեանը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց ծրագրին մասնակից տիկիններուն, զանոնք ծանօթացնելով ծրագրին մասին, ինչպէս նաեւ գնահատեց իւրաքանչիւրին մասնակցութիւնը: Իր կարգին, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրին եւ «Սէն Ժոզէֆ» համալսարանի դասախօսներուն այսպիսի նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց մասնակից տիկիններուն: Նշենք, որ յառաջիկայ շաբաթներուն մասնակիցները բաժանմունք պիտի ներկայանան՝ հետեւելու դասընթացքներուն, որոնց պիտի յաջորդէ գործնական աշխատանքները։