Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային յանձնախումբին հովանաւորութիւնը վայելող Ընկերային բաժանմունքի անցնող երկու ամիսներու գործունէութիւնը ներկայացնելու նպատակադրումով, ամփոփ կէտերու մէջ կը ներկայացնենք գլխաւոր աշխատանքները:
Ա. Կազմակերպութեամբ Ընկերային բաժանմունքին, 14 նոյեմբեր 2018-էն սկսեալ, շաբաթական դրութեամբ սկսաւ գործել մայրերու վարժողական-դաստիարակչական ծրագիրը, որուն նպատակն է նպաստել ծնողներու ինքնաճանաչողութեան զարգացման` ընկերութեան ու ընտանիքին մէջ ունենալու համար առաւել եւս արդիւնաւէտ գործունէութիւն: Ծրագիրի մասնակցողներուն թիւն է 17, իսկ ծրագիրը կը պատրաստէ ու կը ներկայացնէ մասնագէտ Յասմիկ Տանիէլ: Յայտնենք, որ նշեալ ծրագիրի առաջին վեց հաւաքները արդէն իսկ իրականացած են, եւ փետրուար 2019-ին պիտի սկսի երկրորդ փուլը: Այս առնչութեամբ յառաջիկային պիտի սերտուին նոր խմբակներ ստեղծելու կարելիութիւնները:
Բ. Բաժանմունքը 8 դեկտեմբեր 2018-ին, բարերարի մը նուիրատուութեամբ 57 անհատներու ապահովեց մասնակցութիւնը «Քազինօ Տը Լիպան»-ի մէջ ցուցադրուած «Ճէնէրէյշընզ» ներկայացումին, որ երգի, պարի, թատերական եւ մարզական ցուցադրութիւններու ընդմէջէն շուրջ հարիւր արուեստագէտներու մասնակցութեամբ հայ մանուկներուն եւ ծնողներուն մօտ ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ:
Գ. Բաժանմունքը, գործակցաբար «Ժպիտ» խումբին, դեկտեմբերի աւարտին 60 սնտուկ ուտեստեղէն բաժնեց հայ ընտանիքներուն: Բաժանմունքը նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին հետ գործակցաբար եւ մասնակցութեամբ ծխատէր քահանայ հայրերուն 30 ընտանիքներու այցելեց եւ անոնց տրամադրեց սննդեղէն:
Դ. Բաժանմունքը անտէր մնացած զոյգի մը եւ բազմանդամ ընտանիքի մը պատրաստեց խորհրդանշական Ամանորի ճաշասեղան, որպէսզի ընտանիքները, հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն, հաւաքաբար անցընեն ուրախ պահեր:
Ե. Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի 9-րդ դասարանին նախաձեռնութեամբ, բաժանմունքը աշակերտութեան ապահովեց երկու կարիքաւոր ընտանիքներ, որոնց հետ վարժարանի աշակերտութիւնը մինչեւ տարեշրջանի աւարտ մօտէն պիտի հետեւի ընտանիքի մտահոգութիւններուն, տան կացութեան եւ կարիքներուն` ի հարկին տրամադրելով եւ որոնելով անհրաժեշտ միջոցները:
Զ. Թաղական խորհուրդները եւս Նոր տարուան սեմին անմասն չմնացին բարեսիրական-բարեգործական ծրագիրներէն, եւ իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ եւ շրջաններու բարերարներուն օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնեցան ծուխերու ընտանիքներուն` անոնց տրամադրելով համապատասխան նպաստ եւ ստեղծելով ուրախ մթնոլորտ:
Է. Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Առաջնորդարանի ընկերային ծառայող Զաւէն Թղըլեանին եւ ծխատէր քահանայ հայրերուն, անցնող ամիսներուն սկսաւ տարբեր շրջաններու ընտանիքներու այցելութիւններու` բաժնեկցելու կարիքաւորներու, անկարներու եւ ծերունիներու ցաւերն ու մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ ըստ կարելւոյն մտահոգութիւններուն վերաբերեալ ապահովելու համապատասխան լուծումներ եւ օժանդակութիւններ: