Արդի արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներէն առաւելագոյն չափով օգտուելու եւ աշխատանքներու համակարգման եղանակներ ճշդելու նպատակադրումով, ուրբաթ, 25 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին եւ ներկայութեամբ թաղական խորհուրդներու ընկերային ցանցերու ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ աշխատանքային հաւաք մը:
Հանդիպումի սկզբնաւորութեան, առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, թէ առաջնորդարանը շուրջ երեք տարի առաջ հաստատեց տեղեկատուական բաժանմունքը, որպէսզի առաջնորդարանի գործունէութեան տեղեկատուութիւնը ունենայ արդիականացած բնոյթ, եւ որպէսզի անոր առօրեան առաւել եւս հասանելի դառնայ հասարակութեան: Ան աւելցուց, որ այս շրջագիծին մէջ համակարգումը էապէս կը նպաստէ յաւելեալ արդիւնքի ձեռքբերման եւ կազմակերպուածութեան: Այս ծիրին մէջ, Տէմիրճեան յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի իրականանան վերապատրաստութեան ծրագիրներ, որոնց առաջինն է եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու լուսանկարչական դասընթացքի կազմակերպումը:
Ապա դիւանատան քարտուղար Սարին Շէմէմեան ներկայացուց թաղականութիւններու ընկերային ցանցերու ներկայացուցիչներու աշխատանքներու համակարգման եղանակները: Ան շեշտեց, որ եկեղեցիներու դիմատետրի էջերը պէտք է ունենան հասարակաց դիմագիծ, ուր պէտք է հետեւողական դրութեամբ ներկայացուին ծուխի քահանայ հայրերու, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու, դպրաց դասերու, կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ այլ մարմիններու աշխատանքներն ու ծրագիրները: Աշխատանքային պատկերացումի ներկայացումէն ետք, ներկաները ներկայացուցին իրենց առաջարկները եւ մտահոգութիւնները:
Աւարտին, Նարեկ Արքեպիսկոպոս գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ համակարգման այս աշխատանքը տեղեկատուական բնագաւառէն անդին եւս կ՛իրականանայ բոլոր մարզերուն մէջ, որպէսզի մեր գործունէութիւնը առաւել եւս կազմակերպուի եւ արդիւնաւորուի: Նարեկ Արքեպիսկոպոս նշեց, որ եկեղեցին պէտք է ըլլայ հոն, ուր որ ընկերութիւնը կը գտնուի, եւ երբ այսօր երիտասարդութիւնը կը գտնուի ընկերային հարթակներուն վրայ, ապա եկեղեցին եւս այդտեղ իր ներկայութեամբ պէտք է հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն շուրջ համախմբէ հաւաքականութիւնը:
Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ այսօր երիտասարդութիւնը մեր հոգեւոր իրականութեան կամրջելու մեծ մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուինք, եւ այս առնչութեամբ երեքշաբթի օրերու գիշերային պատարագները, Աստուածաշունչի սերտողութիւնները, ընկերային ցանցերու գործածութեան թափ տալը եւ այլ ծրագիրներ կը միտին երիտասարդներուն մօտ ստեղծել համապատասխան մթնոլորտն ու հաղորդակից դառնալ անոնց մտահոգութիւններուն եւ առաջարկներուն: