Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ «ԱՆՎՃԱՐ ՀԱԳՈՒՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀ» ԾՐԱԳԻՐԸ

Երեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ընթացք առաւ Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքի կազմակերպած «Անվճար հագուստի աշխարհ» ծրագիրը։ Յաջորդական չորս օրերու ընթացքին, Բաժանմունքը անվճար կերպով մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ կը դնէ բոլորովին նոր կամ լաւ վիճակի մէջ եղող տարբեր տարիքներու վերաբերող հագուստեղէններ, որոնք անցնող ամիսներուն հաւաքուած են անհատներու եւ հաստատութիւններու նուիրատուութեամբ:
Առաջին օրը, Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք հանդիպեցաւ եւ «Անվճար հագուստի աշխարհ» ծրագիրին ծանօթացաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեան ընկերակցութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պրն․ Րաֆֆի Սիսլեանին։ Նոյն նպատակով, չորեքշաբթի օրը Ազգային Վարչութեան անդամ եւ Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչ Տիկին Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան անձամբ հետեւեցաւ աշխատանքներու ընթացքին։
Ընկերային բաժանմունքին կողքին, ծրագիրին կամաւորաբար կ՛օժանդակեն եւ առողջապահական պայմաններուն կը հսկեն եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերը:
Յայտնենք, որ ծրագիրը կը շարունակուի մինչեւ Ուրբաթ, 25 Սեպտեմբեր 2020, առաւօտեան ժամը 10։00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4։00։
Այս առթիւ կոչ կ՛ուղղենք հագուստի վաճառականութեամբ զբաղող մեր հայրենակիցներուն եւ անհատ բարեկամներու, որպէսզի իրենց ունեցած նոր կամ լաւ վիճակի մէջ եղող անգործածելի հագուստեղէնները փոխանցեն Ազգ. Առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան Բաժանմունքին: յարմարագոյն ձեւով զանոնք մեր ժողուրդին տրամադրելու նպատակով:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ