Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանահայ Միջնակարգ Եւ Երկրորդական Վարժարաններու Աշակերտները Մասնակցեցան Նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Շարադրական Մրցանքին

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 17 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը,  որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտները:

Ուսումնական խորհուրդի անունով Մարալ Մխսեան աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նկատել տուաւ, որ սոյն մրցանքը կը կազմակերպուի ամէն տարի` անթառամ պահելու համար արցախեան պայքարի ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը: Անդրադառնալով նահատակ ազատամարտիկին կենսագրական գիծերուն` Մխսեան ըսաւ, որ Մհեր Ջուլհաճեան եղած է Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի շրջանաւարտ, ապա յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, ուր հետեւած է բնագիտութեան ճիւղին: 1992-ին կը մեկնի Արցախ, որուն ազատագրութեան ճամբուն վրայ կը նահատակուի: Մխսեան յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն եւ կարգ մը բացատրութիւններ տուաւ մրցանքին մասին:

Այս տարի Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ հայկական վարժարանները. Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան եւ Ազգային միացեալ վարժարան:

Մրցումին տեւողութիւնը 2 ժամ էր: Իւրաքանչիւր բաժինի համար` միջնակարգ եւ երկրորդական, սահմանուած էր 2 նիւթ, որոնցմէ աշակերտը պիտի ընտրէր մէկը: Մասնակիցները ստանալէ ետք նիւթերը իրենց մտածումներն ու զգացումները յանձնեցին էջերուն:

Յայտնենք, որ սոյն մրցանքին արդիւնքները պիտի յայտարարուին յառաջիկային մամուլի ճամբով, իսկ մրցանակակիր աշակերտները պիտի արժանանան նիւթական նուէրներու` տրամադրուած Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ: