Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երեքշաբթի, 25 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն: Ներկայ էին Ազգային Քառասնից Մանկանց, Ռուբինեան, Աքսոր Գասարճեան, Աբգարեան, Սուրէն Խանամիրեան, Եղիշէ Մանուկեան, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններու, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն, Թորոսեան, Շամլեան Թաթիկեան վարժարաններու եւ Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հռիփսիմեանց, Ս. Խաչ-Գ. Հարպոյեան, Մխիթարեան վարժարաններու, ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան եւ Պօղոս Կարմիրեան վարժարաններ, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի եւ Վահան Թէքէեան վարժարանի, նաեւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան յատուկ դասընթացքներու աշակերտները:
Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա քոլեճի 10-րդ դասարանի աշակերտ Արազ Էլէյճեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու 1,5 միլիոն նահատակներուն եւ Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը: Ապա ան յայտնեց, որ մենք` իբրեւ ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ ազգի բեկորներ, մահէն յարութիւն առած պահանջատէր ժողովուրդի ժառանգորդներ, արդարութիւնը վերականգնելու եւ մեր իրաւունքներուն տիրանալու համար մեր դիմաց ունինք միայն մէկ ճամբայ` պայքարի ճամբան, հաւասարապէս բոլոր ճակատներուն վրայ, բազմամակարդակ եւ բազմաբնոյթ` աւելցնելով, որ պիտի պայքարինք, այնքան ատեն որ ցեղասպան թուրքին արցունքը տակաւին չէ կաթած երբեք պատմութեան մէջ եւ իր խիղճը չէ ճանչցած այնքան առատ ու անհաշիւ հոսած հայ ժողովուրդին արիւնը: «Այսօրուան հաւաքը հայ աշակերտին, հայ ուսանողին յանձնառու ու գիտակից կեցուածքն է` բարձր պահելու համար գաղափարի այն դրօշը, որուն ծառայութիւնը մեզ արժանի պիտի դարձնէ անկեղծ զինուորը ըլլալու հայութեան եւ Հայաստանի», հաստատեց Արազ Էլէյճեան եւ եզրափակելով իր խօսքը կոչ ուղղեց աշակերտութեան երդուելու հաւատարիմ մնալ ապրիլեան նահատակներու սրբազան ուխտին, անխոնջ զինուորը դառնալ հայոց լեզուին ու մշակոյթին, Հայ դատի պահանջատիրութեան ձայնը անլռելի պահել ամբողջ աշխարհի տարածքին, թիավարել օտարամոլութեան հոսանքն ի վեր, մերժել ամէն նորաբանութիւն, որ կը խաթարէ մեր ազգային դիմագիծը եւ հայ ընտանիքին սուրբ արժէքները:
Այնուհետեւ արցախցի երգիչ Եուրի Ադամեան մեկնաբանեց «Հայոց մայրեր», «Ես չեմ ուզում պատերազմ լինի» եւ «Զինուորի մօր երգը» երգերը:
Օրուան պատգամը աշակերտներուն ուղղեց պատմաբան դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան: Ան նկատել տուաւ, որ ցեղասպանութենէն աւելի քան դար մը ետք այլեւս սուգ չկայ, եւ կը խօսինք ճանաչումի, պահանջատիրութեան եւ հատուցման մասին` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը նաեւ հայրենազրկուած է, հայրենիքը կորսնցուցած է ու աշխարհացրիւ դարձած, եւ ասիկա մեր ճակատագիրն է: «Մենք ցեղասպանութենէն ետք հիմա ունինք ձեր սերունդը: Ամէն սերունդ ունի իր առաքելութիւնը: Մեր սերունդը այնքան երջանիկ էր, որ տեսաւ Արցախի ազատագրումը: Կը մաղթեմ, որ ձեր սերունդն ալ արժանանայ այդ օրուան եւ դառնայ մեզի պէս երջանիկ` հայրենիքը ազատագրած ժողովուրդ մը», շեշտեց պատգամախօսը եւ յորդորեց աշակերտները ուխտել, որ տէրը դառնան մեր դատին: «Մեր սերունդը ձեզի կը փոխանցէ այս պատգամը: Ամէն սերունդ իր խնդիրը ունի: Երանի այն սերունդին, որ կ՛արժանանայ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարին իրականացման», եզրափակեց դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան:
Ապա արցախցի երգիչ Նարեկ Վահանեան երգեց «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» եւ «Գետաշէն» երգերը, իսկ Եուրի Ադամեան եւ Նարեկ Վահանեան երգիչները միասնաբար մեկնաբանեցին «Չսպիացող ապրիլ» երգը:
Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ամէն տարուան պէս հաւաքուած ենք մեր ուխտը նորոգելու մեր պատմութեան նկատմամբ եւ անդրադառնալու, որ նախորդ սերունդներուն օրինակով մենք ալ պարտականութիւն ունինք կատարելիք ապագայի հաշուոյն: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ այնքան ատեն որ մեր դատը չէ ճանչցուած աշխարհին կողմէ, ջարդարար Թուրքիան չէ ընդունած իր կատարած արարքը եւ չէ հատուցած մեզի, մենք պարտաւոր ենք գործել, որպէսզի մեր ժողովուրդին արդար դատը ճանաչում գտնէ եւ անիկա հատուցում ստանայ իր ունեցած բոլոր կորուստներուն համար: Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ ուխտեն տէր կանգնիլ հայոց պատմութեան, հետապնդեն մեր նահատակներուն վրէժը եւ մեր անժամանցելի իրաւունքներուն ի խնդիր իրենց կեանքը ընծայեն ազգին:
Այնուհետեւ բոլոր ներկաները միասնաբար աղօթեցին Տէրունական աղօթքը:
Աշակերտական հաւաքը փակուեցաւ Հայաստանի քայլերգով` երգով կատարողութեամբ բոլոր ներկաներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` վարժարան առ վարժարան: