Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2018-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ձեռնարկ` նուիրուած Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքը արաբերէնով արտասանեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտ Շուշի Գոճայեան: Ան ըսաւ, որ պիտի շարունակենք անկախութեան երթը` աւելցնելով, որ մեր երակներուն մէջէն հոսող արիւնը մեր հերոսներուն արիւնն է, արիւնն է մեր նախահայրերուն, որոնք չընկրկեցան եւ չյանձնուեցան Օսմանեան կայսրութեան բռնատիրութեան եւ մարդասպան թուրքին դիմաց, այլ` շարունակեցին իրենց երթը եւ պայքարը ամբողջ Լիբանանի հողին վրայ ի գործ դնելով իրենց բոլոր կարողութիւնները, ցանելով սէր, նուիրում եւ արուեստ: «Մենք թոռներն ենք հերոսներուն եւ մեծերուն: Մենք զաւակներն ենք հայ ազգին, որ մերժեց յանձնուիլ, տկարանալ, կքիլ: Մենք ազատ եւ անկախ ազգ ենք: Մենք լիբանանցի ենք հայկական ծագումով եւ հպարտ ենք Լիբանանով, որ մեզ հիւրընկալեց: Հպարտ ենք լիբանանցիութեամբ եւ մեր հայկական ծագումով» շեշտեց Գոճայեան` աւելցնելով, որ ան որ իր ինքնութիւնը դրժէ` ինքզինք դրժած կ՛ըլլայ, եւ եզրափակելով իր խօսքը` շնորհաւորեց Լիբանանի 75-ամեայ անկախութիւնը, կոչ ուղղելով յաւելեալ աշխատանք տանելու` պահելու համար զայն:
Այնուհետեւ արաբերէնով գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` կատարողութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանի եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներու: Ազգային միացեալ վարժարանը ներկայացուց կենդանի պատկեր, խմբային արտասանութիւն եւ խմբային երգ, իսկ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը ներկայացուց խմբային արտասանութիւն եւ «Զաժալ»:
Օրուան պատգամը արաբերէնով եւ հայերէնով ուղղեց հանգստեան կոչուած զօրավար Յարութ Կէօքէօզեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ լիբանանեան բանակի կատարած նուաճումները` շեշտելով, որ 75 տարիէ ի վեր լիբանանեան բանակը իր ուժերուն վստահելով կը պայքարի` Լիբանանին տալու համար ապահովութիւն, գերիշխանութիւն, անկախութիւն: Զօր. Յարութ Կէօքէօզեան անդրադառնալով լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան ըսաւ, որ բանակը հիմնուած է 1945-ին եւ տարիներ շարունակ կրցած է երաշխաւորել Լիբանանի ապահովութիւնը: Ան հաստատեց, որ լիբանանհայ գաղութը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան մէջ` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը ունեցած է մեծ թիւով հայ զինուորներ եւ սպաներ, որոնք բարձր մակարդակներու հասած են, արժանացած են զանազան շքանշաններու:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին մէջ հայ զինուորները հաւատարմութեամբ եւ անկեղծութեամբ ծառայած են: Շարունակելով իր խօսքը` զօր. Կէօքէօզեան բացատրութիւններ տուաւ սպայից վարժարանին մասին, որուն նշանաբանն է գիտութիւն եւ զոհողութիւն: Ան անդրադարձաւ հոն յաճախելու պայմաններուն եւ անոր առաքելութեան մասին նկատել տալով, որ հոն ուսանողներուն համար կարեւորագոյնը անձնազոհութիւնն է, որպէսզի կարենան պաշտպանել Լիբանանը որեւէ վայրագութեան դէմ: Զօր. Կէօքէօզեան խօսքը ուղղելով աշակերտներուն եզրափակեց. «Դուք ապագայ ղեկավարներն էք: Դուք այն ջահն էք, որ պիտի լուսաւորէ Լիբանանը եւ հայ գաղութը: Դուք մեր ապագան էք, եւ մեր ապագան վստահուած ու յանձնուած է ձեզի»:
Ձեռնարկին իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը` նկատել տալով, որ հայրենիքներ եւ ազգեր իրենց անկախութիւնը կը կերտեն արիւնով: Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ լիբանանեան եւ հայկական դրօշներուն մէջ տիրական գոյնը կարմիրն է, որ նահատակներու եւ հերոսներու արիւնն է, որ ոչ միայն թափուած է որոգելու համար հայրենիքի հողը, այլեւ` շրջան կ՛ընէ մեր բոլորին երակներուն մէջ եւ արիւնը կը դարձնէ սրբազան արժէք, այսինքն` կեանքով պաշտպանել հայրենիքը եւ ի պահանջեալ հարկին արիւնը թափել հայրենիքին համար: Հայուն ու լիբանանցիին արիւնը եւ մեր պարագային` լիբանանահայուն արիւնը Լիբանանի անկախութեան համար թափուեցաւ եւ դարձաւ Լիբանանի անկախութեան, ազատութեան եւ գերիշխանութեան արժէքը: Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, Լիբանանի մէջ հիւր չենք, այլ` լիբանանցի հայեր ենք կամ հայ լիբանանցիներ, եւ այս է մեր իւրայատկութիւնը` աւելցնելով, որ մենք հայ ենք եւ լիբանանցի միաժամանակ, նոյն չափով եւ նոյն կապուածութեամբ:
«Լիբանանը եւ Հայաստանը մեզի համար կը դառնան գերագոյն արժէքներ մեր պատմութեան իսկ վկայութեամբ: Երբ լիբանանցիին ու լիբանանահայուն արիւնը թափուեցաւ եւ կը շարունակուի թափուիլ Լիբանանի ազատութեան ու անկախութեան համար, պատմութիւնը կը վկայէ, թէ այդ արիւնը թափուեցաւ ազատագրուելու համար նոյն հասարակաց թշնամիէն, որ նոյնինքն մեր դարաւոր թշնամին է` թուրքը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` հաստատելով, որ այնքան ատեն որ մեր Հայ դատը կը շարունակենք հետապնդել եւ կը շարունակենք պայքարիլ մեր արդար իրաւունքներուն համար, կը շարունակենք պայքարիլ ամբողջական Հայաստանի տեսիլքով, այդ արիւնը պիտի շարունակէ մեզ անհանգիստ պահել, որպէսզի հասնինք մեր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման:
Սրբազան Հայրը շեշտեց սպայից վարժարանի կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ մենք չենք կրնար հանդիսատես մնալ լիբանանեան բանակի մեր պարտաւորութիւններուն դիմաց: Ան գոհունակութեամբ ըսաւ, որ ներկայիս մենք ունինք ազատ ու անկախ Հայաստան եւ հայոց բանակ, որ կը տողանցէ հայկական հողին վրայ` մեզի շնորհելով հայ ըլլալու հպարտութիւնը: «Մեզմէ իւրաքանչիւրը առաւել պարտաւորութիւն ունի, որովհետեւ լիբանանեան բանակին ու լիբանանեան հայրենիքին եւ Հայոց բանակին ու Հայաստան հայրենիքին զինուորներն ենք բոլորս», հաստատեց Սրբազան Հայրը` մաղթելով, որ անկախութեան սոյն հանդէսը միայն թուական մը չըլլայ, որ մենք ամէն տարի նշենք եւ անցնինք, այլ` անդրադարձի, գիտակցութեան պահ մը ըլլայ մանաւանդ աշակերտութեան համար, որպէսզի այսօրուընէ պատրաստուինք վաղուան Հայաստանի եւ Լիբանանի համար կերտելու մեր պայծառ ապագան եւ հասնելու համար մեր բոլորին երազներուն որ տեսիլքներուն:
Նշենք, որ չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, Այնճարի Յառաջ – Գ.Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտութիւնը այցելեց Ռայաքի օդուժի զօրանոցը, ուր աշակերտները մէկտեղուեցան սրահի մը մէջ, այդտեղ անոնց «փաուըր փոյնթ»-ի ցուցադրութեամբ բացատրութիւններ տրուեցան զօրանոցին մասին: Աշակերտութեան անունով խօսք առաւ Ալիսա Չափարեան, որ արժեւորեց լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը` շեշտելով բանակի կողքին ըլլալու, ինչպէս նաեւ, Լիբանանի նկատմամբ նուիրումի եւ ծառայութեան պատրաստակամութեան կարեւորութիւնը:
Այնուհետեւ մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական տողանցք, ինչպէս նաեւ` մարզաձեւերու եւ մարզումներու յատուկ ցուցադրութիւն: