Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերամուտի Ս. Պատարագ

Տարիներու աւանդութեան հաւատարիմ, Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտին առիթով հանդիսաւոր Ս. Եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմին մէջ գործող հետեւեալ կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներն ու ուսուցիչները` Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Սրբոց Վարդանանց, Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին, Ս. Գէորգ, Ֆանար, Ռաուտա, Մայրավանք:

Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէն Հեթում աբղյ. Տաղլեան: Հայր սուրբին քարոզին բնաբանն էր Աստուածաշունչի հետեւեալ համարը. «Ձգեցէք, որ մանուկները ինծի գան, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը»: Այս համարը կը նկատուի Յիսուսի Քրիստոսի կողմէ արտասանուած` երկինքի արքայութիւնը ժառանգելու անփոխարինելի խօսք մը, որ ատաղձ կը հանդիսանայ կիրակնօրեայ դպրոցներու առաքելութեան հաւատացող ծնողներուն եւ ուսուցիչ – ուսուցչուհիներուն, որպէսզի աւելի եռանդով եւ սիրով կատարեն Աստուծոյ խօսքին մատակարարումը` հաւատալով, որ մանուկները իրենք պիտի ըլլան ժառանգորդները Աստուծոյ թագաւորութեան: Ան նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երանաշնորհ Սահակ Բ. Եւ Բաբգէն աթոռակից վեհափառ հայրապետներու սրբատառ կոնդակներով հաստատուած կիրակնօրեայ դպրոցները ծնունդն էին անհրաժեշտութեան մը` իբրեւ նոր սերունդին կրօնական դաստիարակութեան ծառայող հաստատութիւններ` եկեղեցւոյ ու դպրոցի կողքին:

Հայր սուրբը սուրբ գրային համարներու մէջբերումով արժեւորեց կիրակնօրեայի դերն ու առաքելութիւնը նոր սերունդի կեանքին մէջ: Ան լուսարձակի տակ առաւ կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ անձնուիրաբար գործող ուսուցիչ – ուսուցչուհիները, որոնք մանուկները դէպի Քրիստոս պիտի առաջնորդեն: Ան մէջբերեց Աստուածաշունչի Առակաց գիրքէն Սողոմոն իմաստունի խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն, որպէսզի ծերութեան մէջ անկէ չխոտորի»: Մանուկը իր ճամբայէն կը խոտորի, եթէ չունի Աստուծոյ իմաստութիւնը, չի գիտեր ճշմարտութիւնը եւ հեռու կը մնայ Աստուծոյ տունէն: Եւ ահա կիրակնօրեայ վարժարանները այս բոլորը կ՛աւանդեն մեր աշակերտներուն: Ան մատնանշեց նաեւ ծնողներուն դերը մանուկի դաստիարակութեան  նուիրական առաքելութեան մէջ` յայտնելով, որ հաւատքի կեանք ապրող ծնողներ ծնունդ կու տան հաւատացեալ զաւակներու: Քարոզի աւարտին հայր սուրբը կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները առաջնորդելու կիրակնօրեայ դպրոց, որպէսզի մեծնան Քրիստոսի շնորհով ու շունչով:

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կիրակնօրեայ դպրոցներու հիմնադիր հայրապետներուն, ինչպէս նաեւ ծառայած եւ ի Տէր հանգչած տեսուչներու ու ուսուցիչներու յիշատակին:

Ապա Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին, տեսուչներուն եւ ուսուցիչ – ուսուցչուհիներուն:

Բարի գալուստի խօսք ուղղեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նախ փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ կիրակնօրեայ դպրոցներու ընտանիքը դարձեալ համախմբուեցաւ մէկ յարկի տակ: Ան պատահական չնկատեց կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտի զուգադիպութիւնը Թարգմանչաց տօնին, որովհետեւ թարգմանիչները եղան հայութեան հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքի առաջնորդները: Թարգմանիչ հայրերը հաւատացին, որ միակ սնունդը, որ մարդուն կը տրուի, Աստուածաշունչն է:

Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան նշեց, որ այս տարեշրջանին ընթացքին կիրակնօրեայ դպրոցները պիտի շարունակեն առաջնորդուիլ երեք սկզբունքներով.

Ա. Հաւատք
Բ. Յարատեւութիւն
Գ. Ծրագրում

Ան նշեց, որ ծառայութիւնը առանց հաւատքի արժէք չունի եւ չի կրնար արդիւնք տալ: Ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է հաւատքը, գիտելիքը, հոգին վերանորոգէ, որպէսզի լաւագոյնը տայ մեր աշակերտներուն: Ան ըսաւ, որ բոլորը կոչումի տէր պէտք է ըլլան: Յարատեւութիւնը յաջողութեան կ՛առաջնորդէ: Եթէ մեր աշխատանքին մէջ յարատեւենք առանց յուսահատելու` անպայման յաջողութիւն կը գտնենք մեր կեանքին մէջ: Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչները կիրակի օրերը պէտք է ծրագրուած երթան դասաւանդութեան: Ան նշեց, որ Քրիստոսի առաքեալները իրենք գացին քարոզութեան: Հետեւաբար, ուսուցիչներ պարտին իրենք քարոզչական աշխատանքը տանիլ ամէնուրեք` թէ՛ տուներուն եւ թէ՛ եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի աշակերտներ ներգրաւուին կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ:

Իր խօսքի աւարտին ան երախտագիտութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` կիրակնօրեայ դպրոցներուն նկատմամբ ցոյց տրուած յատուկ հոգածութեան համար:

Փակման խօսքը արտասանեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէն Հեթում աբղյ. Տաղլեան: Ան ընդհանուր ակնարկ կատարեց գրասենեակի գործունէութեան մասին: Հայր սուրբը յայտնեց, որ ՀԵԿԴՕՄ-ը պիտի վերականգնի` առաւել աշխուժացնելու համար կիրակնօրեայ դպրոցներու կեանքը: Ան մաղթեց, որ թարգմանիչ հայրապետներու շունչը եւ ոգին ուսուցիչներուն հետ ըլլան, որովհետեւ անոնք հաւատացին եւ յաջողեցան իրենց գործը կատարելութեան հասցնել: