Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Թեմի Նորընտիր Առաջնորդը Այցելեց Թրիփոլի

Երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Թրիփոլի: Առաջնորդ Սրբազանին կ՛ընկերակցէին Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան եւ Ազգային առաջնորդարանի տնօրէն Պարոյր Տէր Ղուկասեան:

Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ներկայութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիրեանին, ՀՅԴ «Բերդավայր» կոմիտէին, շրջանի ազգային, երեսփոխան տոքթ. Ֆիլիփ Փարակասեանին, թաղական խորհուրդին տիկնանց յանձնախումբին, Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեանին եւ ուսուցչական կազմին:

Հաւաքին Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս նշեց, որ Թրիփոլին աշխարհագրականօրէն հեռու ըլլալով հանդերձ կը մնայ Ազգային առաջնորդարանի  ուշադրութեան կեդրոնը: Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Թրիփոլիի հայութիւնը, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն, գնահատանքի արժանի եւ նուիրեալ աշխատանք կը տանի, որ մեծապէս կը նպաստէ հայապահպանման ճիգերուն:

Ապա Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Կանոնական աղօթք», որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէնին հետ: Քննարկուեցան վերամուտի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը եւ նոր ծրագիրները:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ հովիւին եւ թաղականութեան հետ: Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է նոր նախաձեռնութիւններու ձեռնարկել, որպէսզի առաւել եւս հայորդիները համախմբուին եկեղեցւոյ եւ ազգային կառոյցներուն շուրջ:

Այցելութեան վերջին կեդրոնը Թրիփոլիի Ազգային գերեզմանատունն էր, ուր Առաջնորդ Սրբազանը մօտէն ծանօթացաւ կառոյցին եւ աշխատանքներուն ու հոգեհանգստեան աղօթք կատարեց: