Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, գործակցաբար Լիբանանի Կարմիր Խաչին, իրազեկման (awareness) դասախօսական շարքեր տեղի ունեցան ութ շաբաթներու ընթացքին:
Դասախօսական այս շարքերուն մասնակցեցան բաժանմունքի երիտասարդ մայրերը, որոնք նորանոր գիտելիքներ ամփարելով, պիտի կարենան օժանդակել ե՛ւ իրենց ընտանիքներուն անմիջական ընկերային եւ ապահովական կարիքներուն, ե՛ւ շրջանակի տարբեր օղակներուն:
Նշենք, թէ սոյն գործակցութեան կապը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Բարգաւաճման գրասենեակն էր: Յառաջիկային, պիտի շարունակուին դասախօսական շարքերը, զարգացման եւ ընկերային յարաբերութիւններու մշակման նպատակով:
Յաջողութիւն մեր երիտասարդ տիկիններուն, եւ վարձքը կատար Լիբանանի Կարմիր Խաչի տարբեր անձնակազմերուն: