Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կիրակի, 27 հոկտեմբեր 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ աղօթք` Լիբանանի խաղաղութեան համար: Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:
Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ խաղաղութեան համար աղօթողը միաժամանակ կը գործէ խաղաղութեան հաստատումին համար, որ մարդկային բնական մղում եւ կեցուածք է` միաժամանակ աւելցնելով, որ քրիստոնէական խոր իմացումով խաղաղութեան հաստատումը միայն ոչ պատերազմական վիճակը չէ, այլ նաեւ` ընկերային ներդաշնակութիւնն է, համերաշխութիւնը, սէրը, բարութիւնը, արդարութիւնը, համակեցութիւնը, որուն տիպար ու կենդանի օրինակը ըլլալու կոչուած է Լիբանանը, եւ որուն մենք եւս` իբրեւ համայնք, մեր շինիչ մասնակցութիւնը բերած ենք, կը բերենք եւ պիտի շարունակենք բերել:
Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Աստուծոյ զաւակը կոչուելու արժանի դառնալը հայ քրիստոնեային աստուածատուր շնորհն է: Աստուծոյ զաւակը զԱստուած կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ, ան նաեւ աստուածային խաղաղութեան եւ մարդկային բարերարութեան դեսպանն է: «Մեր խաղաղութեան առաքեալ ըլլալը հայ եկեղեցիով կը յատկանշուի, եւ իւրաքանչիւրս զանազան պատասխանատուութիւններով, բայց միասնաբար կը մասնակցինք խաղաղութեան հաստատումի նուիրական աշխատանքին», շեշտեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ իբրեւ Աստուծոյ եւ ազգի ընտանիքը` եկեղեցւոյ հարազատ զաւակները պիտի աղօթենք, որ խաղաղութեան իշխանը` Քրիստոս, Լիբանանին ամբողջական խաղաղութիւն պարգեւէ, որպէսզի վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը անդրադարձաւ 23 հոկտեմբերին Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու եւ եպիսկոպոսներու հանդիպումի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընդգծած չորս կէտերուն. ա) Նախ եւ առաջ պէտք է ողջունել ժողովուրդին միասնականութիւնը: Առաջին անգամ ըլլալով ժողովուրդը, հեռու համայնքային, կուսակցական ու քաղաքական բաժանումներէ, ինքզինք կ՛արտայայտէ իբրեւ մէ՛կ ամբողջութիւն: բ) Անհրաժեշտ է, որ իբրեւ եկեղեցի, ժողովուրդին հետ ըլլանք, ո՛չ ձեւականօրէն կամ տեսականօրէն, այլ գո՛րծնապէս մեր զօրակցութիւնը յայտնելով ժողովուրդին սպասումներուն նկատմամբ: գ) Ստեղծուած ընկերային-տնտեսական ներկայ տագնապին լուծման գծով նաեւ եկեղեցի՛ն պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը, աւելի՛ն կատարելու ժողովուրդին համար, յատկապէս ընկերային, մարդասիրական, կրթական եւ առողջապահական մարզերուն մէջ: դ) Անհրաժեշտ է, որ առաջարկենք հանրապետութեան նախագահին, շուտով սկսելու խորհրդակցութեան` համայնքներու, կուսակցութիւններու եւ ցուցարարներու պատասխանատուներուն հետ, որպէսզի իմանայ անոնց տեսակէտները եւ համապատասխան գործնական քայլերուն դիմէ:
«Այսօրուան աղօթքով մենք եւս կը շեշտենք եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը ժողովուրդին եւ անոր կարիքները շուտով գոհացնելու անհրաժեշտութիւնը», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` նկատել տալով, որ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրին դիմաց այս բոլորը կատարելը կը խտանայ եկեղեցաբանական մէկ եզրի մէջ` ապաշխարութիւն, որ իրաւ քրիստոնեային կեանքի ճանապարհն ու հոգեդարձն է առ Աստուած: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց անհատաբար եւ հաւաքաբար ընդունելու, որ մեղք գործած ենք, զղջալու գործուած մեղքին համար, որոշելու անգամ մըն ալ մեղքի թակարդին մէջ չիյնալ եւ հատուցելու մեղքին պատճառած վնասը:
«Տէր ողորմեա»-ի ժամանակ աղօթք կատարուեցաւ Լիբանանի խաղաղութեան համար, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը` իր կարգին ընթերցելով խաղաղութեան աղօթքը: