Լիբանանահայ գաղութ կառոյցներուն իր տուած ծանօթացման զանազան հանդիպումներուն առընթեր, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական, կրթական, առողջապահական եւ ընկերային հսկայածաւալ գործունէութեան ծանօթանալու միտումով, Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի, ուրբաթ, 5 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտուն այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն:
Կեդրոնի մուտքին Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորեցին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութիւնը: Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս շրջագայեցաւ հաստատութեան բժշկական խնամքի, տարրալուծարանի, շողանկարումի, ընկերային ծառայութեան, շտապ օգնութեան, մարձումի, դեղարանի, ատամնաբուժարանի, «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի բաժանմունքները` ծանօթանալով անոնց աշխատանքներուն եւ մարդասիրական գործունէութեան: Ապա Առաջնորդ Սրբազանը մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հետ: Շրջանային վարչութեան անդամները համառօտ ակնարկով ներկայացուցին ԼՕԽ-ի կամաւորներու նուիրեալ աշխատանքը, Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը եւ կեդրոնին մէջ մատուցուած զանազան ծառայութիւնները: Լսելէ ետք ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան զեկուցումը, ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ապագայի հեռանկարները` Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը անծանօթ միութիւն մը չէ, որովհետեւ երկար տարիներ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու պատասխանատուի իր հանգամանքով օտար միջազգային հիւրեր, իր ընկերակցութեամբ եւ Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ կ՛այցելէին ընկերային ծառայութեան գլխաւոր երակը հանդիսացող ԼՕԽ-ի կեդրոն: Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս նշեց, որ մեր ժողովուրդի կարիքները շատ են, եւ իրապաշտ պէտք է ըլլալ, որ ներկայիս մարդուժի տագնապ կայ: Ան յայտնեց նաեւ, որ մեր դիմագիծը անաղարտ պէտք է պահել: Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, թէ իր այցելութիւններուն գլխաւոր նպատակը ժողովուրդին մտիկ ընելն է, եւ ԼՕԽ-ի ու եկեղեցւոյ գործունէութիւնը զիրար պէտք է ամբողջացնեն:
Իր այցելութեան աւարտին Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ ԼՕԽ-ը, իր առաքելութեան հաւատարիմ նոյն կորովով եւ հաւատքով շարունակէ իր բազմածաւալ գործունէութիւնը: Աւարտին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով հայկական ձեռարուեստի յիշատակի նուէր մը յանձնուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: