Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդը Շնորհաւորութիւններ Ընդունեց

Հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 9:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի ընտրութեան առիթով շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն:

Նորընտիր Առաջնորդին իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին պետական, քաղաքական, ազգային, հասարակական, մշակութային, մարզական, կրթական, առողջապահական եւ այլ միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Շնորհաւորողներու շարքին էին արժանապատիւ քահանայ հայրեր, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու եւ դպրաց դասերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Ազգային երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան եւ կրօնական ժողովի անդամներ, Ազգային իշխանութեան խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու անդամներ եւ մեծ թիւով լիբանանահայեր: