Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան Հանդիպում

Ուրբաթ, 26 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կայացաւ Լիբանանի մէջ գործող Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու եւ  հայ թէ օտար բարեսիրական հաստատութիւններու մէջ հայ համայնքի գործող անդամներու հանդիպումը: Սոյն հանդիպումը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս եւ Լիբանանի ընկերային ծառայողներու սենտիքայի նախագահ Նատիա Պատրան: Մասնակցեցաւ աւելի քան 35 հոգի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան: Ան խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել վերջերս անակնկալօրէն մահացած ընկերային ծառայող Քրիստափոր Օգնայեանի անմեռ յիշատակը: Ապա բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Նատիա Պատրանին ծանօթացուց ընկերային հաստատութիւններու գործունէութիւնը առհասարակ Լիբանանի տարածքին:

Լիբանանի ընկերային ծառայողներու սենտիքայի նախագահ Նատիա Պատրան իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ան ուրախութիւն յայտնեց այս հանդիպման կայացման համար  եւ քաջալերեց ընկերային ծառայողները իրենց մասնագիտական մօտեցումներուն գծով: Նատիա Պատրան խօսեցաւ Ընկերային ծառայողներու սենտիքայի աշխատանքներուն մասին եւ հրաւիրեց, որ բոլորը անդամագրուին սենտիքային: Ան լուսարձակի տակ առաւ ընկերային ծառայողներու դերը եւ շեշտեց, որ անոնց ձայնը պէտք է  լսելի դառնայ եւ ներկայութիւնը առաւել եւս փաստուի կառավարութեան մէջ:

«Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Վարդի Օհանեան – Գէորգեան ներկայացուց «Զուարթնոց» կեդրոնի գործունէութիւնը համայնքին մէջ` յատուկ կարիքներու ծառայութեան դիտանկիւնէն: Ան յայտնեց, որ մօտ օրէն «Զուարթնոց» կեդրոնը պիտի փոխադրուի նախկին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, ուր արդէն շինարարական աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

Հուսկ սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Ան գնահատեց ընկերային ծառայողներու գործունէութիւնը տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ, ըլլան անոնք հայկական թէ օտար: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ ընկերային ծառայութեան եւ քրիստոնէութեան միջեւ հասարակաց եզր կայ, որ նոյնինքն ծառայութիւնն է: Ան յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանը բաց է բոլորին դիմաց, եւ գործակցութեան բարձր տրամադրութեամբ ողջունեց բոլորը:

Ապա քննարկուեցան լիբանանահայ ընկերութիւնը յուզող ընկերային զանազան հարցեր:

Աւարտին յիշատակի խմբանկար մը առնուեցաւ եւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ վերջ գտաւ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան շահեկան հանդիպումը: